2015-08-18 13:33:00

Ֆրանչիսկոս Պապի ցաւակցական հեռագիրը՝ Կարդինալ Լասլօ Փաշքայի մահուան առիթով


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հեռագիր մը յղած է Կարդինալ Փեթեր Էրտէօյի, իր ցաւակցութիւնը յայտնելով Կարդինալ Լասլօ Փաշքայի մահուան համար։

Սրբազան Պապը կը հաղորդէ, թէ տրտմութեամբ ընդունած է Կարդինալ Լասլօ Փաշքայի մահուան լուրը։ Կը յայտնէ իր աղօթալիր ցաւակցութիւնները Ծիրանաւոր Էրտէօյի, կղերին եւ Էսթերկոմ-Պուտափեշթի Արքեպիսկոպոսական թեմի հաւատացեալներուն։ Սրբազան Պապը շնորհակալութեան աղօթք կը բարձրացնէ Աստուծոյ՝ հանգուցեալ Կարդինալի՝ Հունգարիոյ Եկեղեցւոյ տուած բազմաթիւ տարիներու ծառայութեան համար։ Ֆրանչիսկոս Պապ կը փակէ հեռագիրը՝ հանգուցեալի հոգին յանձնելով Հօր Աստուծոյ ողորմած սիրոյն, կ’ապահովցնէ իր հոգեւոր ներկայութիւնը թաղման արարողութիւններուն եւ կը յղէ իր Առաքելական Օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.