2015-08-18 12:34:00

Նիճերիոյ մէջ սպաննուած է կղերական մը


(Ռատիօ Վատիկան)  15 օգոստոս 2015-ին, Նիճերիոյ մէջ, փողոցի վրայ պատահած բռնարարքով, սպաննուած է Քլարեթեան միաբանութեան պատկանող կղերական՝ հայր Տէնիս Օսուակվուն. այս մասին հաղորդած է Քլարեթեան միաբանութիւնը՝ յղում կատարելով Ֆիտէս լրատուական գործակալութեան։ Մինչեւ այժմ անյայտ մնացած են կղերականին սպաննութեան պատճառները։ 

Հայր Տէնիս կը գործէր Նիճերիոյ Օվէրրի անուան թեմին մէջ, միաժամանակ պատասխանատուութիւն ստանձնած ըլլալով Էնվերեմ քաղաքի հիւանդանոցին։








All the contents on this site are copyrighted ©.