2015-08-18 14:32:00

Ինչպէս ընդունիլ Աստուծոյ Արքայութիւնը


Աշխարհիս մէջ կ'ապրինք երբեմն դժգոհութեան եւ տխրութեան մէջ քանի որ չենք հասկնար իսկական իմաստը Աստուծոյ արքայութեան: Աստուած միշտ եւ քրիստոնէութեան ծննունդէն ի վեր մեզի կը յայտնէ իր ներկայութիւնը եւ սէրը ամէն վայրկեան: Երբէք չէինք վարժուեր հաւատքի շնորհքը ընդունելու առանց գիտնալու որ այն անձը որուն համար կը պայգարինք մեր կեանքին ընթացքին ինքն ալ մեզի համար ամէն տեսակ պայգար կը մղէ մեզ ուրախ եւ առողջ պահելու համար, եւ մանաւանդ յաղթական դառնալու ամէն բանի մէջ:

Չմոռնանք երբէք շնորհակալութիւն յայտնելու իրեն այն խորհրդաւոր Սուրբ Ընտանիքին որ մեզի համար ըրաւ: Մենք ոչինչ ենք եւ ալ արժանի չենք ոչ մէկ բանի: Այս ընտրանքը մեզի համար ձրի սիրոյ արտայայտութիւն մըն է որուն միջոցաւ մենք դարձանք՝ Աստուծմէ սիրուած անձերը:

Մեր հաւատաքը մեծ սիրոյ եւ խաղաղութեան աղբիւր է: Ասով Աստուած մեզմէ կը խնդրէ որ արտայայտենք իր ներկայութիւնը մեր մէջ. «Ձեր ճամբուն վրայ հռչակեցէք թէ Աստուծոյ ներկայութիւնը մօտ է:» Այս է նոր առաքելութեան նպատակը:

Աւետել որ Քրիստոսը՝ Նոր Փրկիչը մեզի եկաւ, մեր մէջ ընդունելու ենք որովհետեւ իրեն հետ պիտի շնորհէ մեզի առողջութիւն, նոր կեանք մը եւ չարի վտառում: Արդեօք ինչպիսի՞ հաւատքով պիտի աւետենք այս յայտարարութիւնը: Արդեօք ի՞նչ փոփոխութեան պիտի ենթարկուինք. Արդեօք պիտի կարենա՞նք ընդունիլ Հօրմէն եկած փոփոխութիւն-ները որոնք մեզի որոշ խաղաղութիւն մը կը բեռեն:

Մենք որպէս յաջորդները այն պա-պերուն որոնք իրենց արիւնը թափեցին իրենց հաւատքը պահելու համար, արժանի ըլլանք ընդունելու առաքեալ-ները եւ իրենց պատգամը որ մեզի կու տան եւ կը ձգեն փոխելու համար այն խաղաղութիւնը որուն պէտք ունինք:

Բանանք մեր ականջները լսելու համար Աստուծոյ խօսքը եւ ընդունելու համար իր արքայութիւնը: Մեզմէ կը պահանջուի որ ապրինք խաղաղութեան մէջ Իրեն եւ իմ ընկերոջս հետ:

Արդե՞օք կը հասկնանք իր խաղա-ղութեան իմաստը: Արդե՞օք իրեն հետ միշտ կապի մէջ կը գտնուիմ: Արդե՞օք կրնամ պատասխանել եւ հասնիլ իր խնդրանքները կատարելու: Արդե՞օք կ'ապրիմ իմ ներքին խաղաղութիւնս: Արդե՞օք կրցայ սորվիլ այն կերպը որ զիս կարող կը դարձնէ զինք հասկանալու եւ մանաւանդ խնդրելու իր լոյսը եւ ուժը:

Արքայութեան այս ճամբան ընդունելու համար մտածենք քիչ մը Ասսիզի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի հետ երբ կը խնդրէր Աստուծմէ շնորհքը լաւագոյն ձեւով ապրելու ըսելով.

«Ո՜վ Տէր, զիս ըրէ քու խաղաղութեանդ գործիչը

Սէրը դնելու ուր որ ոխը կը գտնուի

Ներումը՝ ուր որ թշնամանք կայ

Միութիւնը՝ ուր որ բաժանում կայ

Ճշմարտութիւնը՝ ուր որ մոլորութիւն կայ

Հաւատքը՝ ուր որ կասկած կայ

Յոյսը՝ ուր որ յուսահատութիւն կայ

Լոյսը՝ ուր որ խաւարը կայ

Ուրախութիւնը ուր որ տխրութիւն կայ:

Ո՜վ Տէր, չփնտռեմ մխիթարուելու այլ մխիթարելու, հասկցուած ըլլալու քան հասկնալու եւ ոչ սիրուելու քան սիրելու որովհետեւ տալով է որ կրնամ ստանալ եւ ինքզինքս մոռնալով է որ ինքզինքս կը գտնեմ, ներելով է որ ներուած կ'ըլլամ եւ քեզի համար մեռնելով է որ կրնամ յարութիւն առնել յաւիտենական կեանքին մէջ: Ամէն:

Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան  








All the contents on this site are copyrighted ©.