2015-08-18 10:24:00

Եւրոպայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի տարեկան ընդհանուր նիստը Սուրբ Երկրին մէջ


(Ռատիօ Վատիկան) Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, Եւրոպայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերը իրենց տարեկան ընդհանուր նիստը կը գումարեն Սուրբ Երկրին մէջ, յառաջիկայ 11-16 սեպտեմբերին։

Սոյն վայրի որոշումով, Եւրոպայի եպիսկոպոսները կը յայտնեն թէ իրենց նպատակն է ուխտագնացութիւն կատարել նոյինքն Եւրոպայի արմատներուն եւ մշակոյթի վայերուն։

Եպիսկոպոսական ընդհանուր ժողովի կեդրոնական նիւթն է “Յիսուս Քրիստոսի կերպարը, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի Եկեղեցւոյ մարտահրաւրէներու ունկնդրութիւնը եւ անոնց բաժնեկցութիւնը։

Ժողովը սկիզբ պիտի առնէ Գալիլիա՝ Նէօքաթէքումէնալ շարժումին կեդրոնատեղիին մէջ, ժամասացութեամբ եւ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի արարողութեամբ, զոր պիտի մատուցանէ եւ նախագահէ Սուրբ Աթոռի Եպիսկոպոսաց Ժողովի նախագահ՝ Կարդինալ Մարք Ուէլլէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.