2015-08-17 11:25:00

“Եկեղեցին պէտք է ժողովուրդին լոյսը ըլլայ” Կարդինալ Փարոլին


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի, 16 օգոստոսին, Վատիկանի Պետական Քարտուղար, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին արեւելեան Ասիոյ տուած այցելութեամն ծիրէն,  Սինկափուրի մէջ հանդիպում ունեցաւ տեղւոյն համայնքին հետ եւ Ս. Պատարագ մատոյց Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առիթով։ Ան ժամանակ անցուց Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներու, կրօնաւորներու եւ աշխարհականներու հետ՝ մատնանշելով Սիկնափուրի արքեպիսկոպոսութեան բռնած ուղին՝ ըլլալ “ժողովուրդին լոյսը”։

Կարդինալ Փարոլին յիշեց, որ Եկեղեցին՝ Սինկափուրի մէջ իր երկուհարիւրամեայ ներկայութեամբ՝ ընկերային յառաջդիմութեան եւ զարգացման մեծ նպաստ բերած է։ Սինկափուր կը տօնէ իր անկախութեան 50րդ տարեդարձը։ Անկախութեան շրջանին երկիրը արձանագրած է խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում։ Սակայն Եկեղեցին տակաւին ճանապարհ ունի կտրելիք՝ հիմնուած Ս. Աւետարանի վրայ, ցոլալով իբր “լոյս ժողովուրդին համար”։

Եկեղեցւոյ համար մարտահրաւէրներ են՝ ըլլալ ստեղծագործ Ս. Աւետարանի քարոզութեան մէջ, ցուցաբերել առաքելական հոգի՝ յատկապէս “ծայրամասերու” հանդէպ, եւ վերջապէս՝ համագործակցիլ բոլոր մարդոց հետ, որոնք բարի կամքն ունին, արժեւորելու հաւատքի եւ բարոյականի դերը ընկերութեան մէջ։ “Աշխարհայնացման յարձակողականութեան դէմ, Եկեղեցին պէտք է հրամցնէ տրամաբանական եւ համբերատար վկայութիւն մը. որովհետեւ, եթէ գաղափարախօսութեան մը համար կը փորձենք Աստուած ջնջել ընկերութեան մէջէն, կը սկսինք պաշտել կուռքեր՝ կորսնցնելով արժանապատուութիւն եւ իրաւունքներ”։

Հետեւաբար, կ’եզրափակէ Ծիրանաւորը, պէտք է ժամանակի նշանները ճանչնանք եւ կողմնորոշուինք Աւետարանի անունով։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.