2015-08-17 11:33:00

Տիեզերական Պատրիարքութեան հաղորդագրութիւնը Ուղղափառ Եկեղեցիներու Համաժողովին շուրջ


(Ռատիօ Վատիկան) Տիեզերական Պատրիարքութեան քարտուղարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է՝ թէ 2016ի Ուղղափառ Եկեղեցիներու Համաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներ պիտի կատարուին տարւոյս օգոստոսի 29էն մինչեւ սեպտեմբեր 2, Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան Եպիսկոպոսներու Համագումարի կենդրոնին մէջ։ Այս հանդիպման նպատակն է, “առաջին հերթին՝ Տիեզերական Պատրիարքութեան եպիսկոպոսներու փոխադարձ ծանօթութիւնը, եւ ապա՝ եկեղեցական այժմէական հարցերու մասին տեղեկութիւններու փոխանակումը”։

Սեպտեմբերի 1ին աղօթք պիտի մատուցուի Եկեղեցւոյ դիտաւորութեան եւ աշխարհի խաղաղութեան համար։ Այս աղօթքի օրը միաժամանակ եկեղեցական նոր տարւոյն տօնախմբութիւնն է։

Հաղորդագրութիւնը կը եզրափակէ՝ թէ այս հանդիպումը նաեւ առիթ պիտի մատուցանէ Մայր Եկեղեցւոյ՝ ծանօթանալու աշխարհի չորս ծագերուն գործող թեմերու վիճակին եւ անոնց խնդիրներուն եւ մտահոգութիւններուն՝ անոնց օգնութեան հասնելու նպատակով։








All the contents on this site are copyrighted ©.