2015-08-15 12:16:00

Նախագահ Սերժ Սարգսեան ցաւակցական հեռագիր յղած է Իրաքի Նախագահին


Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ցաւակցական հեռագիր յղած է Իրաքի նախագահ Մոհամետ Ֆուատ Մաասումին` Պաղտատի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան առիթով, որուն պատճառով, վերջին տուեալներով, շուրջ եօթը տասնեակ մարդ սպաննուած է, իսկ հարիւրաւորներ` վիրաւորուած:

«Խստօրէն դատապարտելով ահաբեկչութեան որեւէ դրսեւորում` խորին ցաւակցութիւն կը յայտնեմ ձեզի եւ Իրաքի եղբայրական ժողովուրդին: Սպաննուածներուն հարազատներուն կը մաղթեմ տոկունութիւն եւ ոգիի  արիութիւն, իսկ վիրաւորներուն` շուտափոյթ ապաքինում», Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան փոխանցումով` ըսուած է հեռագիրին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.