2015-08-15 12:35:00

61 տարիներ ետք Վերափոխման տօնին Մարեմեան աղօթքը կատարուեցաւ Սուրբ Պետրոսի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 15 օգոստոս 2015-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առթիւ, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Մարեմեան աղօթքը։  61 տարիներէ ի վեր այս առաջին անգման է որ Վերափոխման տօնի Մարեմեան աղօթքը կ՛արտասանուի Սուրբ Պետրոսի մէջ։ Արդարեւ Մարմեան Աղօթքը վերջին անգամ Սուրբ Պետրոսի հրապարակէն արտասանած էր Պիոս ԺԲ քահանայապետը, 1954-ին։  Ֆրանչիսկոս Պապ 2013-ին այս առթիւ փոխադրուած էր Քասթելկանտոլֆոյի ամարանոցը եւ այն վայրէն արտասանած էր Մարեմեան աղօթքը, մինչ 2014-ին հովուական այցելութեամբ կը գտնուէր Քորէա։

Սուրբ Պետրոսի հրապարակէն արտասանած վերոյիշեալ աղօթքէն առաջ Նորին Սրբութիւնը խորհրդածութիւն մը կատարեց որուն մէջ շեշտը դրաւ օրուան տօնակատարութեան վրայ զայն որակելով Աստուածածնայ նուիրուած ամենակարեւոր տօներէն մին` <<Անոր դէպի երկինք վերափոխումի տօնը որ տեղի ունեցաւ Մարիամի կեանքի աւարտին, երբ Ան երկինք բարձրացաւ մարմնով ու հոգիով, այսինքն յաւիտենական կեանքի փառքին մէջ, Աստուծոյ հետ լիակատար հաղորդութեան մէջ>>.

 

Սրբազան Հայրը ապա մատնանշեց օրուան Սուրբ գրային ընթերցումին ուր կը խօսուի Մարիամի եղիսաբեթի տուած այցելութեան ասին, որուն ընդմէջէն ի յայտ կու գայ նաեւ Մարիամի հաւատքի մեծութիւնը որ կը բացայայտուին Եղիսաբեթի խօսքերուն մէջ  <<երանի անոր որ հաւատաց Տիրոջ խօսքին>>։

Հաւատքը – ըսաւ Քահանայապետը – Մարիամի կեանքի համայն պատմութեան սիրտն է, ու մեր կեանքը` Երկինք բարձրացած Մարիամի լոյսին տակ­, կը ստանձնէ նոր իմաստ ու կը դառնայ ուխտագնացութիւն դէպի ապահով վայր` մեր Հօր տունը որ մեզ սիրով կը սպասէ>>։

<<Այսօր միասնաբար աղօթենք որպէսզի Աստուածամայրը մեր վրայ ուղղէ իր ողորմած հայեացքը, լուսաւորէ մեր ճանապարհը, ցոյց տայ մեզի նպատակակէտը ու այս աքսորէն ետք մեզի ցոյց տայ Յիսուսը>> ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով խորհրդածութիւնը ու ապա արտասանեց Մարեմեան Աղօթքը որմէ ետք ողջունելով հրապարակը համախմբուած ուխտաւորները վերյիշեց Չինաստանի Թիանժին քաղաքի ճարտարարուեստական շրջանին մէջ տեղի ունեցած երկու մեծ պայթումները­, որոնք պատճառեցին բազմաթիւ զոհեր­,  անոնց ապահովեցնելով իր աղօթքներն ու մօտիկութիւնը։

Սրբազան Հայրը ապա բոլոր ներկաները յանձնեց Աստուածամօր հովանիին, հրաւիրելով զանոնք այցելելու <<Սալուս Փոփուլի Ռոմանի - Հռոմի Ժողովուրդի Փրկութիւն>> Տիրամօր խորանը  ու մաղթեց բարի վերափոխման տօն խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.