2015-08-14 11:49:00

Փոխումն Սրբոյ Կուսին Մարիամու Աստուածածնի


Սբ. Աստուածածնի Վերափոխման սքանչելախորհուրդ տօնը Հայ Եկեղեցւոյ կողմէ դասուած է Տաղաւար տօներու շարքին: Այսպէս՝ Տիրամօր նուիրուած տօներէն ամենահինը յատուկ մեծարանքով յիշատակելու համար: Աստուածամօր մարմնապէս Վերափոխումը Ե. և Զ. դարերուն առաջին անգամ կը յիշատակուի Արեւելեան թէ Արեւմտեան Եկեղեցիներուն Հայրերու կողմէ:

Հայ Եկեղեցին, Սբ. Աստուածածնի հետ կապուած տօները, ի տարբերութիւն միւս Սուրբերուն, կը տօնէ Կիրակի օրերը՝ որպէս Տէրունի օրեր, որովհետեւ Եկեղեցին Մարիամ Աստուածածինը կը մեծարէ որպէս Եկեղեցւոյ Մայրը: Սբ. Ներսէս Շնորհալին սոյն տօնը վերածեց իննօրեայ տօնակատարութեան:

Ս. Աստուածածնայ սքանչելախորհուրդ Վերափոխման և Զմմառու վանքի անուանակոչութեան տօներուն առիթով, Երեքշաբթի, Չորեքշաբթի և Հինգշաբթի 11/12/13 Օգոստոս 2015-ին՝ Զմմառու վանքին մէջ տեղի պիտի ունենայ եռօրեայ հոգեւոր կրթութիւն, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն միաբան հայրեր, եպիսկոպոսներ և վարդապետներ:

Շաբաթ 15 Օգոստոս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, Ս. Աստուածածնի Վերափոխման նախատօնակին՝ պիտի կատարուին հանդիսաւոր Ս. Պատարագ եւ խաղողօրհնէք:

Կիրակի 16 Օգոստոս 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին,

Հայրապետական Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ խաղողօրհնէք պիտի կատարէ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ և Գերերջանիկ Նորընտիր Կաթողիկոս-Պատրիարքը:

Վերափոխում

Ըստ Յայսմաւուրքին՝ Տիրամօր վախճանումէն ճիշտ մէկ ամիս առաջ, Գաբրիէլ հրեշտակապետը Սբ. Կոյսին կը յայտնէ թէ ան՝ երեք օր յետոյ երկրէն երկինք պիտի փոխադրուի: Մարիամ այս լուրը առնելով՝ կ'ուրախանայ և հոգեպէս կը հրճուի և Ձիթենեաց լեռ կը բարձրանայ՝ աղօթելու: Երբ Տիրամայրը ննջեց, (Առ հասարակ Սբ. Կոյսի համար փոխանակ մահացաւ կամ վախճանեցաւ ըսելու, կը գործածենք ննջեց բառը, հասկնալի դարձնելու համար անոր երկինք վերափոխուիլը), Առաքեալները սաղմոսներով և օրհնութեամբ Տիրամօր աստուածընկալ մարմինը տարին և դրին տապանի մը մէջ: Երեք օր յետոյ` առաւօտեան, բարձունքներէն իջան անմարմին հրեշտակներու գունդեր: Անոնց հետ լուսափայլ ամպերու միջով եկաւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոս, իսկ հրեշտակները վերցնելով աստուածընկալ մարմինը՝ զայն բարձրացուցին ամպերու մէջ և Սբ. Կոյսին մարմինն ու հոգին երկինքի մէջ բազմեցան Անոնց փառքի Աթոռի աջ կողմը:

Վերափոխումը իրականին Աստուածամօր սրբասնեալ կեանքին վրայ աստուածադիր կնիք մը կը հանդիսանայ: Աստուածամայրը, իր Աստուածորդիէն անմիջապէս ետքը, արժանացած է Ընդհանրական Եկեղեցւոյ անսահաման յարգանքին եւ սիրոյն:

Կարող ենք Աստուածամօր բացառիկ հանգամանքէն՝ մատնանշել երկու իրարմէ անբաժան պատճառներ: Առաջինը՝ Քրիստոսի Մայր ըլլալն է: Իսկ երկրորդը՝ Աստուածամօր ամբողջութեամբ ունեցած այն հիմնական յատկութիւններն ու առաքինութիւններն են, որոնք անհրաժեշտ են մարդու սրբութեան համար, այսինքն՝ խոնարհութիւն, համբերութիւն, մաքուր սիրտ, աստուածսիրութիւն, մարդասիրութիւն և մանաւանդ՝ անայլայլ համակերպութիւն Աստուծոյ կամքին:

Տարուան ընթացքին՝ ի պատիւ Տիրամօր, սահմանուած են աւելի քան 7 տօնախմբութիւններ: Ասոնմէ զատ, ամէն օր առաւօտեան ժամերգութեան ժամանակ, ի յարգանս Տիրամօր, պարտադիր շարականներ կ'երգուին: Սբ. Կոյսի պատկերը կը լուսափայլէ հայ բոլոր եկեղեցիներու սուրբ խորաններէն: Այս պատճառով՝ Հայոց բոլոր եկեղեցիներու գլխաւոր խորանները Աստուածամօր անունով են:

Մեր աստուածային սուրբ և անմահ պատարագը կը սկսի անոր յիշատակութեամբ և անոր բարեխօսութեան դիմելով. «Եւ վասն Սրբուհւոյ Աստուածածնին, Տէր, ընկալ զաղաչանս մեր և կեցո՜ զմեզ»:

Խաղողօրհնէք

Հայաստանեայց Եկեղեցին Աստուածածնի Վերափոխման տօնի օրը` յաւարտ Պատարագի, աւանդաբար Խաղողօրհնէք կը կատարէ:

Հին Ուխտին մէջ՝ տարուան առաջին բերքը կը տանէին տաճար եւ կ'ընծայէին Աստուծոյ: Իսկ Հայաստանեայց Եկեղեցին պտուղներէն նախապատուութիւնը կու տայ խաղողին. Աշխարհակործան Ջրհեղեղէն յետոյ, Նոյ նահապետը Արարատ լերան ստորոտի դաշտավայրին մէջ այգի կը տնկէ: Այդ ժամանակէն ի վեր որթատունկի պտուղը կը դառնայ Արարատեան դաշտավայրի զարդը, կը համարուի պտուղներէն ազնուագոյնը եւ կը կոչուի «պտղոց արքայ»:

Մեր Տէրն ինքզինք նմանցուց որթատունկին (Յովհ. ԺԷ 1-8), որ խորհրդապատկերն է Սբ. Աստուածածնի եւ խորհրդանիշը Նոր Ուխտի Քրիստոսահաստատ Սուրբ Եկեղեցւոյ:

Խաղողօրհնէքի ընթացքին՝ մեր եկեղեցւոյ մէջ կը կարդացուի Սբ. Ներսէս Շնորհալիի աղօթքը, որ կը յիշատակէ, թէ Աստուած ստեղծեց բուսականութիւնն ու պտղատու ծառերը, ապա Ադամին ու Եւային պարգեւեց ամբողջ դրախտը, բայց անոնք, օրինազանց գտնուելով, դրախտէն արտաքսուեցան, իսկ երկիրը անոնց պատճառով անիծուեցաւ: Սակայն Աստուածորդւոյն աշխարհ գալովը՝ անէծքի կապանքը վերացաւ, եւ մարդիկ ձերբազատուեցան մեղքի ու մահուան ստրկութենէն:

Խաղողի օրհնութեան ընթացքին, աղօթքներ կը բարձրանան ո՛չ միայն պտուղի, այլեւ զայն ընծայողին, հողագործին եւ հողին համար` Արարիչէն խնդրելով առատ բերք, կարկուտէն ու սառնամանիքէն զերծ տարի: Այսպիսով՝ Խաղողօրհնէքը կը հանդիսանայ Աստուծմէ մարդուն պարգեւած բերքի և բոլոր տեսակ պտուղներու օրհնութիւնը:

Ինչպէս բոլոր տաղաւար տօներու յաջորդ օրը, նոյնպէս եւ Վերափոխման հրաշափառ տօնին յաջորդող երկուշաբթին ննջեցեալներու յիշատակութեան օրն է: Այդ օրը Հայ եկեղեցիներուն մէջ կը մատուցուի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ՝ ի յիշատակ ննջեցեալներու, յաւարտ սուրբ պատարագի՝ կը կատարուի հոգեհանգստեան կարգ: Մեր բարոյական պարտքն է մեր աղօթքներուն մէջ յիշել մեր հանգուցեալ հարազատները՝ անոնց հոգւոյն հանգստութեան եւ փրկութեան համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.