2015-08-14 10:30:00

Սթրազպուրկ քաղաքի Մայր Տաճարի հիմնադրութեան հազար ամեակի նշում


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 15 օգոստոս 2015-ին,Ֆրանսայի Սթրազպուրկ քաղաքին մէջ կը նշուի քաղաքի Մայր տաճարի  կառուցման առաջին քարին զետեղման հազար ամեակը ։

Այս առթիւ կազմակերպուած, յոբելենական հանդիսութիւններուն ներկայ կը գտնուի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի յատուկ ներկայացուցիչ, Քահանայապետական Մշակոյթի խորհուրդի երբեմնի նախագահ՝ Կարդինալ Փոլ Փուփարտ։

Սթրազպուրկի Մայր տաճարը ձօնուած է Տիրամօր։ Անոր կառուցման աշխատանքները սկսած են 1015-ին, եւ վերջ գտած են 1439-ին։ Կառուցման երկար տարիներու տեւողութեան պատճառներէն  մին է,  տաճարին  արուեստական ձեւակերպի փոփոխութիւններու ենթարկութիւնը։

Սթրազպուրկի Տիրամօր տաճարը , տարածաշրջանին մէջ հանդիսացած է որպէս նմոյշ, զանազան քաղաքներու մէջ,  նպմանատիպ տաճարներու կառուցումին։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.