2015-08-14 10:46:00

Կարդինալ Փարոլինի նորընծաներու ուղղուած պատգամը Արեւելեան Թիմորի մէջ


(Ռատիօ Վատիկան)Վատիկանի Պետական Քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Ասիոյ մէջ կատարած Հովուական այցելութեան ծիրէն ներս, Արեւելեան Թիմորի վանքի մը մէջ, հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ մատուցանեց՝ ներկայութեամբ քահանայութեան Սուրբ Խորհուրդի պատրաստուող նորընծաներուն։

Այս առթիւ արտասանած քարոզին մէջ, ծիրանաւորը խօսքը կեդրոնացուց երկու բառերու շուրջ՝ ՝՝Ամէն օր՝՝։ Նորընծայարանին մէջ ամէն օր պատրաստուիլ երկու բանի՝ ըլլալ առաքեալներ եւ միսիոնարներ։

Ամէն օր վերանորոգեցէք ձեր զգայնութիւնը՝ թէ ամէն ինչ անվճար շնորհուած է ձեզի, ձեր իւրաքանչիւրի կոչումը անշահախնդիր պարգեւ մըն է, որուն մեզմէ ոչ մէկը արժանի է։ Աստուած ձեզ կանչեց, եւ դուք հաւատքով եւ քաջութեամբ պատասխանեցիք Անոր։ Նորընծայարան եկաք՝ տեսնելու եւ հասկնալու ձեր կոչումին վաւերականութիւնը։

Կարդինալ Փարոլին իր քարոզը աւարտեց Ֆրանչիսկոս Պապի Քրիստոնէական ուսուցումով՝ հանդէպ մեկուսացելաներուն եւ մոռացութեան մատնուողներուն, նշելով Քահանաներու առաջնահերթ կէտնպատակը՝ երթալ քաղաքներու արուարձաններու մէջ գտնուող՝ հոգեպէս եւ ֆիզիքապէս տանջուող մարդոց մօտ, եւ զանոնք ներմուծել Աստուծոյ ընտանիքին եւ իրենց պատկանող ընկերութեան մէջ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.