2015-08-13 15:47:00

''Իմ սպասումս է որ Հոգեւոր Տէրը նոր էջ բանայ համագործակցութեան'' ըսաւ Արամ Ա։


 

(Ռատիօ Վատիկան) Անցեալ կիրակի` 9 օգոստոս 2015-ին, Զմմառու աթոռանիստ դարաւոր մայրավանքին մէջ հանդիսաւոր տօնախմբութեամբ տեղի ունեցաւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տէր Տէր Գրիգոր – Պետրոս Ի գահակալութեան արարողութիւնը որուն,  ի շառս այլ եկեղեցական ու քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու, իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս հայրապետը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. որ արարողութեան ընթացքին ֆրանսերէն արտասանած իր խօսքին մէջ շեշտեց համամիութեան եւ միջ-դաւանական համագործակցութեան կարեւորութիւնը ոչ միայն հոգեւոր գետնի վրայ այլեւ մշակութային եւ ընկերային ասպարէզներու ծիրէն ներս։

Ռատիովատիկանի  հայկական բաժնի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձ կատարեց վերոնշեալ իր միջամտութեան մասին ու վերընդգծելով միութեամբ գործելու  հարկաւորութիւնը հաստատեց թէ իր սպասումն է որ Հոգեւոր Տէրը` իր եկեղեցական երկար տարիներու ծառայութեան փորձառութեան շնորհիւ եւ իր իմաստութեամբ, համագործակցութեան նոր էջ բանայ երկու եկեղեցիներու միջեւ, որովհետեւ` յայտնեց Արամ Ա ''մեր ազգային ու եկեղեցական ձգտումները միեւնոյնն են'' եւ ''մեր դիմաց գտնուող մարտահրաւէրները կարելի է դիմագրաւել միասնականութեամբ'' ու ''այն ինչ որ մեզ կը միացնէ պէտք է դառնայ մեր ուժը''։

 

Երկարաշունչ զրոյցի ընթացքին Վեհափառ հայրապետը ակնարկեց Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու ապրած լուրջ դժուարութիւններուն ու Միջին Արեւելեան շրջանի մէջ անոնց գոյատեւման հրմայականին  հաստատելով թէ ''Քրիստոնեաներուն արմատները կը գտնուին Միջին Արեւելքի մէջ'' ու թէ ''քրիստոնեաները եկուորներ չեն այլ անբաժան մաս են Միջին Արեւելքին'' ու թէ ''հարկաւոր է գերագոյն ճիգ թափել այս ուղղութեամբ''։ Արամ Ա ապա հաստատեց թէ ''Հայ Համայնքի գոյութենական հարցը  համահայկական մտահոգութիւն է ու թէ կարիքը ունի համահայկական ճիգի''։

Վեհափառ Հայրապետը խօսեցաւ ապա  Իսլամ – Քրիստոնեայ երկխօսութեան կարեւորութեան ու այդ երկխօսութիւնը զարգացնելու ու ամրապնդելու հարկաւորութեան մասին։

Անդրադառնալով հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապին մասին Վեհափառը բարձր գնահատեց Տիեզերական Եկեղեցւոյ Հովիւի աւետարանական առաքելական ծառայութիւնը ի սպաս խաղաղութեան եւ արդարութեան։ Արամ Ա անդրադարձ կատարեց ապա անցեալ 12 ապրիլին Սուրբ Պետրոսի մէջ կայացած Սուրբ Պատարագի զոհին ընթացքին Սրբազան Պապին` հայ ժողովուրդին ուղղած պատգամի պատմական իրողութեան։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս հայրապետը խօսեցաւ նաեւ համամիութենական շարժումի ու անոր ապագայի մասին, հաստատելով թէ այդ շարժումի նպատակը կը մնայ միշտ Եկեղեցւոյ Միութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.