2015-08-13 13:58:00

՝՝ՄԱԿ-ի մօտ Ֆրանչիսկոս Պապի ձայնը աւելիով լսելի դարձաւ՝՝ Գերապայծառ Աուզա


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ սեպտեմբեր 2015-ին , Ֆրանչիսկոս Պապի, Միացեալ Նահանգներու կատարելիք այցելութեան ծիրէն ներս, Վատիկանի Ռատիօ կայանը հարցազրոյց կատարեց ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ  Գերապայծառ Պէնարատիթօ Աուզայի հետ, որուն ընթացքին  Գերապայծառ  Աուզա մեկնելով Նորին Սրբութեան վերջերս հրատարակած Գովեալ ըլլաս շրջաբերական թուղթէն, հաստատեց թէ անիկա  շատ նշանակելի եւ դրական մեծ ազդեցութիւն թողուց Միջազգային քաղաքական գետնի վրայ։ Ան նշեց թէ  վերջերս ՄԱԿ-ի մօտ  զօրակցութեան զարգացման ի խնդիր կատարուած բանակցութիւններուն ընթացքին , զանազան երկիրներուն ներկայացուցիչներ յաճախ մէջբերած են  Ֆրանչիկսոս Պապի շրջաբերական թուղթէն  զանազան հատուածներ, ''ինչ որ մեծ ուրախութիւն կը պատճառէ'' յարեց գերապայծառ   Աուզա ու պատասխանելով յառաջիկայ նոյեմբերին,  Փարիզի մէջ կատարուելիք, Կենսոլորտի հայող համագումարին, ու այդ համագումարի ծիրէն ներս  Նորին Սրբութեան շրջաբերականի  ազդեցութեան մասին հարցումին, գերապայծառ Աուզա դրականօրէն արտայայտուեցաւ ,  յայտնելով թէ Նորին Սրբութեան շրջաբերական թուղթը, ներշնչումի աղբիւր հանդիսացած է, Միջազգային հանրութեան եւ քաղաքական ու ընկերային զանազան մարզերէն ներս։ Ապա խօսելով Ֆրանչիսկոս պապին ՄԱԿ կատարելիք այցելութեան մասին Գերապայծառ Աուզա ցաւով յայտնած է թէ` այդ հանդիպումին ներկայ գտնուելու խնդրագիրերու  թիւը շատ բարձր է եւ թէ  դժբախտաբար անկարելի պիտի ըլլայ բոլորը  գոհացնել։  








All the contents on this site are copyrighted ©.