2015-08-13 11:19:00

«Ուիքի» ճամբարը վերջ գտաւ փակման հանդիսութեամբ


Հովանաւորութեամբ «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնադրամին, կազմակերպութեամբ «Ուիքիմետիա Հայաստան» հասարակական կազմակերպութեան, 3 օգոստոսին Զմմառի «Հայր Շելհուպ» կեդրոնին մէջ սկիզբ առած «Ուիքի» ճամբարը վերջ գտաւ երէկ` չորեքշաբթի, 12 օգոստոսի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեամբ:

Արդարեւ, լիբանանահայ 10 վարժարաններէ 43 աշակերտներ` ընկերակցութեամբ Հայաստանէն «Ուիքի» խմբագրող աշակերտներու, 10 օրերու ընթացքին սորվեցան գործածել «Ուիքիփետիա»-ն եւ խմբագրեցին արեւմտահայերէնով:

«Ուիքիմետիա Հայաստան» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Սուսաննա Մկրտչեան խօսք առնելով հաստատեց, որ ճամբարին մասնակցող աշակերտներուն ընտրութիւնը շատ լաւ կատարուած էր: Ան յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ ամէն տարի երեք ճամբար կը կազմակերպուի, երկու ճամբար ամրան ընթացքին, իսկ մէկ ճամբար ալ ձմեռը` աւելցնելով, որ այսուհետեւ սփիւռքի մէջ եւս տարեկան դրութեամբ պիտի կազմակերպուին ճամբարներ։

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան իր ելոյթին մէջ հաստատեց, որ լիբանանահայութիւնը ամէնէն աշխուժ եւ ծաղկուն համայնքն է, որ վերապրեցաւ ցեղասպանութենէն եւ շատ կարճ ժամանակաշրջանի մէջ կրցաւ ստեղծել ծաղկուն օճախ իր բոլոր ենթակառոյցներով, եկեղեցիներով, դպրոցներով, մշակութային կեդրոններով, քաղաքական կուսակցութիւններով, երեւոյթ մը, որ հպարտալի է: 








All the contents on this site are copyrighted ©.