2015-08-12 11:28:00

Ֆրանչիսկոս Պապ՝՝Տնտեսական շահագործութեան մտատանջումը կը խաթարէ մարդու կեանքի ընթացքը՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի,12 օգոստոսին առաւօտեան, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ, հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ, Նորին Սրբութիւնը կատարեց Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը, որուն ընթացքին խօսեցաւ ընտանիքի  մասին, շեշտը դնելով տօնի իմաստին վրայ։ ՝՝Տօնակատարութիւնը՝՝ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ՝՝Աստուած է զայն հնարողը՝՝ մէջբերելով Սուրբ Գրային Ծննդոց գիրքէն  ՝՝Աստուած 7-րդ օրդ հանգչեցաւ ՝՝խօսքը։  ՝՝Աստուած օրհնեց եւ օծեց շաբթուան 7-րդ օրը, յարեց Սրբազան Հայրը աւեցնելով  ՝՝Ատուած, Ինքն է որ մեզի սորվեցուց յատկացնել յատուկ ժամ մը  խոկալու եւ վայելելու համար աշխատանքի միջոցաւ  յառաջբերուած  մեր շքեղ արտադրութիւնները։  Աշխատանքը, ոչ միայն արհեստի իմաստով  այլ աւելի ընդարձակ բացատրութեամբ այսինքն՝իւրաքանչիւր գործ, արարք, որոնց միջոցաւ այր ու կին՝ կը համագործակցին Աստուծոյ արարչագործութեան ստեղծագործութեան  մէջ։

՝՝Ուրեմն՝՝ հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը, ՝՝տօնակատարութիւնը ծուլութեան պահ մը չէ բազմած  բազկաթոռին վրայ, այլ՝ նախ եւ առաջ սիրալիր եւ երախտագիտութեամբ լի հայեացք մը սեւեռած դէպի բարի, գեղեցիկ  արտադրուած աշխատանքին վրայ։

Իսկ՝ երբ պատահի որ տօնի օրը  զուգադիպի դժուար եւ ցաւալի ժամանակամիջոցին,  հայցենք Աստուծմէ   օգնութեան հասնելու մեզի։  Իսկական  տօնակատարութիւնը գիտէ  ընդհատել աշխատանքի ժամերը, որովհետեւ անիկա Սրբազան պահ մըն , եւ յիշել կու տայ ,որ  մարդ արարածը   ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերին համաձայն եւ  Աստուած՝   աշխատանքի ստրուկը չէ, այլ անոր Տէրը, հետեւաբար շեշտելով  Սրբազան Հայրը ըսաւ ՝՝մէնք եւս մեր կարգինք  վի վերածուինք գործի ստրուկներ ըլլալու, այլ դառնանք անոր տէր տիրականը։։

Շատ լաւ գիտենք, որ  կան միլիոնաւոր այր մարդիկ  ու կանայք, ինչպէս  նաեւ դժբախտաբար  մանուկներ, որոնք ստրուկ դարձած են աշխատանքին. Այս իրողութիւնը դէմ է Աստուծոյ եւ մարդկային անձի արժանապատուութեան։

Տնտեսական շահագործութեան մտատանջումը կը խաթարէ մարդու կեանքի ընթացքը։ Հանգստութեան պահը  անհրաժեշտ պահ մըն  յատկապէս կիրակի օրը, որ  նուիրուած է մեզի, որպէսզի մենք մեր կարգին կարենանք վայելել այն բաները որոնք կարելի չէ  արտադրել,  սպառել   վաճարել եւ ոչ իսկ  գնել։ 

Դժբախտաբար  շատ անգամ ականատես կ՝ըլլանք այն իրողութեան ուր ՝ շահագործութեան, սպառողական  գաղափարապաշտութիւնը կ՝ուզէ մեզմէ խլել նաեւ տօնակատարութեան օրը՝  տօնի օրը  վերածելով աշխտանքի,  դրամ դիզելու օր։

Սպառողականութեան անյագութիւնը որ  կը պատճառէ մսխողութիւն , կը նմանի   վտանգաւոր համաճարակի մը որ մեզ կը վերածէ աւելի յոգնած  վիճակի՝ քան առաջ։

Տօնի ժամը  Սրբազան պահ մըն է որովհետեւ հոն է որ   Աստուած  յատուկօրէն ներկայ կը գտնուի։ Կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագը, մեզ կ՝առաջնորդէ դէպի Քրիստոսի բոլոր շնորհքներու տօնակատարութեան՝ Անոր ներկայութիւնը, Սէրը. Զոհը. ։ 

Ընտանիքը օժտուած է յատուկ արտակարգ կարողութեամբ, հասկնալու եւ զօրակցելու համար տօնի ճշմարիտ արժանիքին յատկապէս կիրակի օրուայ տօնակատարութեան։ Միեւնոյն ընտանիքը դիտուած հաւատքի աչքերով , կը յայտնուի մեզի որպէս պարզութեան գլուխ գործոց աշխատանք. անիկա գեղեցիկ է,  որովհետեւ արուեստական չէ, ոչ իսկ շինծու, այլ որպէս կարող իր մէջ ներառնելու  բոլոր կեանքի տեսակէտերը։

Տօնակատարութիւնը  թանկագին պարգեւ մըն է   շնորհուած Աստուծոյ կողմէ մարդկային ընտանիքին,  զգուշ ըլլանք եւ  զայն չի կործանենք։

 Ունկդրութեան աւարտին Ֆրանիչկսոս Պապ զանազան լեզուներով ողջունեց ներկայ գտնուող հաւատացեալները , շնորհելով անոնց իր առաքելական օրհնութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.