2015-08-12 13:29:00

Սուրիոյ քրիստոնեայ հասարակութինը խոր մտահոգութեան մատնուած է


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրիոյ քրիստոնեայ  հասարակութիւնը առ աւելիով  մտահոգուած է , երբ՝ անցեալ հինգշաբթի օր Իսլամական ծայրայեղական խմբաւորումները  Հոմսի մօտ գտնուող Քարայթան քաղաքը գրաւած է եւ գերեվարած 230  քրիստոնեաներ։

Շրջանի քրիստոնեաները  մեծ վախի մատնուած են  եւ անոնք  մտադիր են  թողուլ իրենց ինչքերն  ու տուները ուրիշ երկիր գաղթելու համար , այս մասին յայտնած է հայր Ժիհատ ԵուսէՖ՝ Սուրբ Մուսա հասարակութեան պատկան վանական հայրը,  Օգնէ եկեղեցին որ կը տառապի եկեղեցական կազմակերպութեան 

Չենք գիտեր թէ  ՏԱՀԵՇ-ը՝ եթէ  մտադիր է  սպաննել  քրիստոնեայ գերիները։ Սովորաբար, անոնք  երեք հնարաւորութիւններ կու տան հաւատացեալներուն ՝  վճարել հարկերը, մահմետական կրօնի դարձի գալ կամ ալ փախչիլ։ Այս անգամ երրորդ հնարաւորութիւնը չէ տրուած քրիստոնեաներուն։

Հայր Եուսէֆի վկայութեամբ,  Քարյաթէ քաղաքին մէջ մնացած են  160 քրիստոնեաներ,  իսկ անոնք որոնք փախչած են քաղաքէն այժմ կը գտնուին Հոմս Քաղաքին մէջ, ուր Կաթողիկէ եւ Օրթոքոքս Ասորի առաջնորդները  կը փորձեն լուծում գտնել անոնց համար ։

Նշենք, թէ Սուրիոյ մէջ Տէր Մար Մուսա հասարակութիւնը, Քարյաթան քաղաքին մէջ ունի վանք մը ուր՝ անցեալ 21 մայիս 2015ին գերեվարած են հայր Ժաք Մուրատը եւ անոր ընկերացող Սարկաւագ Հաննա Տէքըրմէնժեանը  








All the contents on this site are copyrighted ©.