2015-08-12 09:25:00

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Գրիգոր Պետրո Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին գահակալութիւնը


ՀԱՄԱՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ, ՀԱՄԱԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ  ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. նորընտիր Կաթողիկոս Պատրիարքին գահակալութեան արարողութիւնը  տեղի ունեցաւ  9 օգոստոս 2015, կիրակի երեկոյեան ժամը 5.00ին, Զմմառու վանքի շրջափակին մէջ, համաքրիստոնէական, համալիբանանեան եւ համահայկական մասնակցութեամբ։ Արդարեւ, մինչ խորանին վրայ, նորընտիր Կաթողիկոս Պատրիարքը կը շրջապատէին Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսի Հայրերը, հաւատացեալ հասարակութեան առաջին շարքերուն վրայ՝ սրբազան  արարողութեան ներկայ եղան  Լիբանանի եւ Սուրիոյ պապական նուիրակները՝  Կապրիէլ Քաչչիա  եւ Մարիօ Զենարի եպիսկոպոսները, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը, ասորի կաթողիկէ, յոյն ուղղափառ եւ ղպտի կաթողիկէ Պատրիարքները՝  Իղնատիոս Եունան, Եուհաննա Եազիճի եւ Իպրահիմ Իզաակ Իզաակ,  Միջին Արեւելքի Հայ Աւետարական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահ վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեան, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին ներկայացուցիչը՝ գերշ. Նաթան եպիսկ. Յովհաննիսեան,   մարոնիթ, յոյն կաթողիկէ, ուղղափառ ղպտի, քաղդէացի, ասորի ուղղափառ պատրիարքներուն ներկայացուցիչները,  Ֆրանսայի եպիսկոպոսներու ժողովի պատուիրակութիւնը,  հայ եւ օտար բարձրաստիճան հոգեւորականներ,  միաբանութիւններու մեծաւորներ, համայնքային ներկայացուցիչներ։

Լիբանանի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տիար Աշոտ Քոչարեան կը ներկայացնէր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը, իսկ լիբանանեան խորհրդարանի անդամ Նապիլ Տը Ֆրեժ՝  խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին եւ վարչապետ Թամամ Սալամը, նախարար Ալիս Շապթինի՝ նախկին նախագահ Միշել Սլէյմանը։ Ասոնց կողքին ներկայ էին դեսպաններ, դիւանագիտական անձնակազմերու ներկայացուցիչներ,  ներկայ եւ նախկին նախարարներ, երեսփոխաններ, լիբանանեան եւ հայկական կուսակցութեանց, միութիւններու  ղեկավարներ ու ներկայացուցիչներ, լիբանանեան բանակի եւ ապահովութեան ուժերու հրամանատարութիւններու ներկայացուցիչ  բարձրաստիճան սպաներ։

Գահակալութեան հոգեպարար  արարողութեան  ընթացքին,  նախ սարկաւագները զգեստաւորեցին նորընտիր Կաթողիկոս Պատրիարքը, ապա եպիսկոպոսները անոր գլուխը ծածկեցին քօղով՝  գլխուն  դնելէ առաջ պատրիարքական խոյրը։ Ապա  անոր յանձնեցին կաթողիկոսական գաւազանը եւ  զինք բազմեցուցին կաթողիկոսական Աթոռին։ Արարողութեան աւարտին, վանքին զանգակները ղօղանջեցին աւետելով  նորընտիր Կաթողիկոս Պատրիարքին գահակալութիւնը զոր ներկաները ողջունեցին ծափահարութիւններով, մինչ  արքեպիսկոպոսները, եպիսկոպոսները, քահանաները, սարկաւագներն ու դպրապետերը կþողջագուրուէին նորընտիր Կաթողիկոս Պատրիարքին հետ, որ Խորանէն իջնելով  ողջագուրուեցաւ ներկայ կաթողիկոսներուն, պատրիարքներուն եւ բարձրաստիճան հոգեւորականներուն հետ։

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՔԱՐՈԶ-ՊԱՏԳԱՄԸ

Այնուհետեւ, նորընտիր Կաթողիկոս Պատրիարքը՝  եպիսկոպոսներու առընթերակայութեամբ շարունակեց սուրբ Պատարագին մատուցումը, երեք լեզուներով հայերէն, ֆրանսերէն եւ արաբերէն արտասանելէ ետք իր անդրանիկ քարոզ-պատգամը ։ «Ո՛չ իմ անձնական ձիրքերուս, ո՛չ գիտութեանս, ո՛չ ալ երկարամեայ հովուական փորձառութեանս վստահելով է որ ընդունեցայ այս ծանր բեռը, այլ մտաբերելով այն աւետարանական ճշմարտութիւնը՝ թէ Աստուած յաճախ տկարներն ու տգէտները կ՛ընտրէ իր ծրագիրները իրագործելու համար, ինչպէս կը քարոզէ Պօղոս առաքեալը» ըսաւ ան։ Նշելէ ետք որ «Եկեղեցին անհատներու կոյտ մը, հաւաքածոյ մը չէ, այլ կենդանի մարմին մը, բաղկացած՝ ապրող, շնչող ու գործող  էակներէ, որոնց իւրաքանչիւրն ունի իր յատուկ տեղը, առանձին դերը, որոնք շաղկապուելով իրարու կը կազմեն Եկեղեցւոյ կենդանի ու գործօն կառոյցը»,  Կաթողիկոս Պատրիարքը գործակցութեան կոչ ըրաւ «Հայ կաթողիկէ համայնքին բոլոր կենսունակ տարրերուն, սկսեալ նուիրապետական դասէն մինչեւ ամենահամեստ դասակարգերը, անցնելով կղերէն եւ հասնելով համայնքի յանձնառու անդամներուն»։ Ապա ան ողջունեց հայրապետական աթոռները Սուրբ Էջմիածնի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, յանձին Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետներուն, «որոնք, ըսաւ ան, մեր ընտրութեան  առաջին իսկ վայրկեանէն հաճեցան իրենց եղբայրական ողջոյնով եւ աջակցութեան խոստումով սատար հանդիսանալ մեզի։ Կþուզենք հաւաստիացնել զիրենք թէ փոխադարձ բարի կամքով եւ շինիչ տրամադրութեամբ կը փափաքինք սերտացնել ու ամրացնել գոյութիւն ունեցող համագործակցութեան զօդերը, որ անհրաժեշտ են մեր նուիրապետական աթոռներուն հոգեւոր ու ազգային առաքելութիւնը միշտ աւելի արդիւնաբեր դարձնելու համար»։

«Նոյն տրամադրութիւնները կը պահենք  նաեւ հայրենի իշխանութիւններուն հանդէպ, որոնք, ըսաւ ան, գլխաւորութեամբ մեր հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ տիար Սերժ Սարգսեանին, փութացին իրենց խնդակցութիւնն ու զօրակցութիւնը բացայայտել, զարգացնելու եւ արդիւնաւորելու դիտաւորութեամբ մեր միացեալ ջանքերը ի խնդիր Հայրենիքի բարօրութեան ու բարգաւաճումին»։

Իր ֆրանսերէն խօսքին մէջ,  Հոգեւոր Տէրը ըսաւ որ իր մեծ հայրն ու մեծ մայրը, որոնք 1915-ին Հայոց ցեղասպանութեան չարչարանալից զոհերէն եղան Մարտինի մէջ, չէին կրնար երեւակայել որ 100 տարի ետք, իրենց թոռը՝ Գրիգոր, 81 տարեկանին պիտի կոչուէր պատրիարքական առաքելութեան։ Ան  ըսաւ որ կ՛ապաւինի իր նախորդին՝ երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ.ի եղբայրական օգնութեան, շարունակելու համար  անոր կատարած սքանչելի գործը։ Նորընտիր Կաթողիկոս Պատրիարքը  յետադարձ ակնարկ մը նետելով պատմութեան վրայ, երախտագիտութեամբ յիշատակեց Լիբանանը եւ Ֆրանսան որոնք գիրկաբաց ընդունեցին ցեղասպանութենէն փրկուած հայութեան խլեակները։ Ան ըսաւ որ զինք  սպասող դժուարութիւններուն կը գիտակցի, սակայն երկնային Նախախնամութեան եւ իրեն  եպիսկոպոս եղբայրներուն  գործակցութեան անսահման վստահութեամբ է որ կը ստանձնէ Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հօր եւ Պետի իր առաքելութիւնը։ «Կը վստահիմ նաեւ  Քոյր Եկեղեցիներու  եղբայրներուս՝  Պատրիարքներուն, Արքեպիսկոպոսներուն եւ Եպիսկոպոսներուն անկեղծ զօրակցութեան, լիովին համոզուած ըլլալով որ ձեռք ձեռքի տալով է որ պիտի կարենանք յաղթահարել մեր առջեւ ծառացող բազմազան մարտահրաւէրները Միջին Արեւելքը ցնցող փոթորկալի այս օրերուն» ըսաւ ան։

ՍՐԲԱԶԱՆ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԻՆ ԵՒ  ՎԵՀԱՓԱՌՆԵՐՈՒՆ ՈՒՂԵՐՁՆԵՐԸ

Յաւարտ սուրբ Պատարագին, որուն երգեցողութիւնը կատարեց «Կռունկ» պատրիարքական երգչախումբը խմբավարութեամբ դոկտ. Եդուարդ Թորիկեանի,  Լիբանանի մօտ պապական նուիրակ Կապրիէլ Քաչչիա եպիսկոպոսը կարդաց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին օրհնութեան գիրը՝ ամենապատիւ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին գահակալութեան  առիթով։  Իր եղբայրական եւ սրտագին շնորհաւորութիւնները յայտնելէ ետք նորընտիր Կաթողիկոս Պատրիարքին, Սրբազան Քահանայապետը կը նշէ որ նոր Կաթողիկոս Պատրիարքին ընտրութիւնը կը զուգադիպի այնպիսի պահու մը երբ «Ձեր եկեղեցին կը դիմագրաւէ որոշ դժուարութիւններ եւ նոր մարտահրաւէրներ, ինչպէս մասնաւորաբար հայ կաթողիկէ հաւատացեալներու մէկ մասին կացութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ»։  Սրբազան Պապը կը յայտնէ այն համոզումը որ  ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, Սիւնհոդոսի պատկառելի Հայրերուն հաղորդակցութեամբ եւ Սուրբ Հոգիին օգնութեամբ, աւետարանական իմաստութեամբ պիտի գիտնայ ըլլալ «Հայրը եւ Գլուխը»,  Բարի Հովիւը  Աստուծոյ ժողովուրդի այն մասին որ իրեն կը յանձնուի։ «Հայ բազմաթիւ նահատակները եւ Գրիգոր Նարեկացին,  Եկեղեցւոյ Վարդապետը,  պիտի չդադրին բարեխօսելէ ձեզի համար» կþըսէ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը։

Ապա, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին ողջոյնի եւ շնորհաւորութեան գիրը կարդաց Նաթան եպիսկոպոս Յովհաննիսեան։  Ամենայն Հայոց Հայրապետը իր ուրախութիւնը  կը յայտնէ նորընտիր Կաթողիկոս Պատրիարքի ընտրութեան համար, մաղթելով որ Տէրը պահէ ու պահպանէ նորընտիր Կաթողիկոս Պատրիարքը եւ իր հօտը։   «Մեր աղօթքն է առ Աստուած որ Տէրը զօրացնէ ձեզ ձեր առաքելութեան մէջ։ Պատմական այս պահուն կ'աղօթենք որ Տէրը անսասան եւ անվրդով պահէ հայ ազգը, եկեղեցին հայկական եւ Հայաստան երկիրը՝ հասցնելով զայն խաղաղ ու ապահով նաւահանգիստ» կը յայտնէ Գարեգին Բ.։ Յետ Ամենայն Հայոց Հայրապետի շնորհաւորագիրի ընթերցման,  Սրբազան Հայրը Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին յանձնեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ նուիրուած սկիհ մը։

Հուսկ ֆրանսերէնով խօսք առնելով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը շնորհաւորեց հայ կաթողիկէ համայնքը եւ հոգեւորական դասը, եւ շեշտելով    Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պետին ընտրութեան կարեւորութիւնը՝  յաջողութիւն մաղթեց անոր՝ իր հովուական ծառայութեան կեանքին մէջ։ Արձագանգելով նորընտիր Կաթողիկոս Պատրիարքի գործակցութեան կոչին,  Վեհափառ Հայրապետը իր կարգին  կարեւոր նկատեց  հայ երեք համայնքներուն միջեւ գործակցութիւնը յատկապէս Միջին Արեւելքի ներկայ պայմաններուն հետեւանքով յայտնուած դժուարութիւնները յաղթահարելու համար։ Իր խօսքի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը  լանջախաչ մը նուիրեց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին։

ԱԳԱՊ Ի ՊԱՏԻՒ  ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԻՐՈՋ

 

Եկեղեցական արարողութիւններէն ետք, ի պատիւ նորընտիր Կաթողիկոս Պատրիարքին  շքեղ ագապ մը տեղի ունեցաւ «Օթել Պզումմար»ի մէջ,մասնակցութեամբ  գահակալութեան մասնակից  պաշտօնական հայ եւ օտար անձնաւորութիւներուն, հոգեւորականներուն, Հայ կաթողիկէ  Եկեղեցւոյ սիւնհոդոսական հայրերուն, հոգեւորական դասին,  հայ եւ օտար կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն։

Սիրոյ Սեղանին բացումը կատարեց Միհրան Նաճարեան։ « Այս պատկառելի մասնակցութիւնը այս ագապին, զայն կը դարձնէ պատմականօրէն  նշանակալից հաւաք մը» ըսաւ ան եւ շարունակեց.- «Արդարեւ, անոր մէջ մենք կը տեսնենք Ձեր անձին ընդմէջէն, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէր, Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Հայ կաթողիկէ համայնքին հանդէպ սիրոյ, յարգանքի եւ մեծ համարումի վկայութիւնը։ Միաժամանակ, անոր մէջ կը տեսնենք ազգային, եկեղեցական եւ լիբանանեան բոլոր մակարդակներու վրայ համագործակցութեան եւ միասնական աշխատանքի յանձնառութեան մէկ արտայայտութիւնը՝ դիմագրաւելու համար այն բոլոր դժուարութիւնները որոնց դէմ յանդիման կը գտնուին այսօր  Միջին Արեւելքի ոչ միայն եկեղեցիները եւ հայկական գաղութները, այլ համայն քրիստոնէութիւնը։

«Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէր, ինչպէս ըսիք՝ այդ դժուարութիւններուն բեռը շատ ծանր է։ Դուք ընդառաջեցիք այդ բեռը կրողներու առաջին շարքին վրայ գտնուելու Նախախնամութեան կոչին՝ իբրեւ Եկեղեցւոյ առաջին ծառան, ապաւինելով Սուրբ Սիմէոնի օգնութեան։ Կրնաք վստահ ըլլալ որ Սուրբ Սիմէոնին հետ, Դուք ձեր կողքին պիտի գտնէք մեզ՝ բոլորս, Հայ կաթողիկէ համայնքին անխտիր բոլո՛ր զաւակները՝  որոնց համար Ձեզի եւ Ձեզի  հետ՝ Եկեղեցւոյ եւ Ազգին անսակարկ ծառայութեան կոչ մըն է այս պատմական օրը»։ Իր խօսքի աւարտին,  հանդիսավարը հրաւիրեց Հոգեւոր Տէրը օրհնելու սիրոյ սեղանը։

Յընթացս ագապին կարդացուեցան մասնաւորաբար կարդինալներ Լէոնարտօ  Սանտրիի, Տոմինիք Մամպերթիի,  Անտրէ Վէն-Թրուայի, Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ Պատրիարք Քիրիլի, Ֆրանսայի եպիսկոպոսներու ժողովի նախագահ եւ Մարսէյի Արքեպիսկոպոս Ժորժ Փոնթիէի ուղերձ-շնորհաւորագիրները։ Հայաստանի Հանրապետւթեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի շնորհաւորագիրը կարդաց Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան։ Ան նշեց որ շնորհաւորագրեր յղած են նաեւ Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան եւ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան։

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Զմմառու Միաբանութեան եւ Վանքի մեծաւոր եւ պատրիարքական փոխանորդ գերապայծառ Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան, որ ըսաւ յատկապէս.-  «Աւելի քան 30 տարիներ ետք, դարձեալ կը վերադառնաք Զմմառու վանք, որ Ձեր պատրիարքական պատմական Աթոռին ու Միաբանութեան կեդրոնն է եւ ուր սկիզբ տուիք Ձեր քահանայական առաքելութեան, որպէսզի այս օրհնաբեր հողին վրայ, Ձեր Հոգեւոր առաքելութիւնը շարունակէք Քրիստոսի ծառայութեամբ։  Առաքելութիւն մը որ այսօր կը պսակուի Կաթողիկոս Պատրիարքի գահակալութեան օրհնութեամբ»։

Ագապը իր  աւարտին հասաւ  Գրիգոր Պետրոս Ի. ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրոջ շնորհակալութեան խօսքով եւ գոհաբանական աղօթքով։








All the contents on this site are copyrighted ©.