2015-08-11 16:01:00

Հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապի խաղաղութեան 49-րդ համաշխարհային օրուայ պատգամին նիւթը


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 11 օգոստոսին, Քահանայապետական արդարութեան եւ խաղաղութեան խորհուրդը հրատարակեց  յառաջիկայ 1 յունուար 2016-ին նշուելիք` խաղաղութեան համաշխարհային 49-րդ օրուայ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի  պատգամին նիւթը. ՝՝Յաղթահարէ անտարբերութիւնը եւ ձեռք բեր խաղաղութիւնը''։

Հրատարակուած հաղորդագրութեան մէջ Քահանայապետական արդարութեան եւ խաղաղութեան խորհուրդը գրած է ՝՝Անտարբերութիւնը՝  հանդէպ մեր ժամանակակից աշխարհի վէրքերուն,  խաղաղութեան պակասի կարեւոր պատճառներէն մին է ։

Տեղեկութիւններու հաղորդագրութեան աճ արձանագրելը  չի նշանակեր ինքն իր մէջ հարցերու հանդէպ աւելի մօտիկութիւն ցուցաբերում։

Խաղաղութիւնը ձեռք կը բերուի, անիկա բարիք մը չէ որ կը ստանանք առանց ջանք թափելու, առանց դարձի գալու­, առանց ստեղեծագործութիւն  եւ համեմատութեան։  Յաղթահարելու համար   անտարբերութիւնը՝  աշխահի մէջ եւ խաղաղութիւն կերտելու համար, հարկ  է  պայքարիլ աշխարհի մէջ ամէն տեսակի տակ ձեւաւորուած  ստրկութիւններու դէմ, որ 2015 ին՝  եղած է  Համաշխարհային խաղաղութեան 48-րդ  օրուայ պատգամին նիւթը  ՝՝ոչ այլեւս ստրուկներ,  այլ եղբայրներ՝՝

Հաղորդագրութեան աւարտին Քահանայապետական արդարութիւն եւ խաղաղութիւն խորհուրդը գրած է ''խաղաղութիւնը  կարելի է  հոն ուր ճանչուած է իւրաքանչիւր մարդու իրաւունքն ու յարգանքը''։

Նշենք թէ խաղաղութեան համաշխարհային օրը,  հաստատուած է Պօղոս Զ Քահանայապետի կողմէ, եւ կը նշուի ամէն տարի 1 Յունուարին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.