2015-08-09 10:23:00

Ֆրանչիսկոս Պապը վաւերացուց Օսմանեան Կայսրութեան նահատակ եպիսկոպոսի մը նահատակութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 8 օգոստոս 2015-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Սուրբերու Դատի ժողովի կառավարիչը Կարդ Անճելօ Ամաթոն եւ այս առթիւ վաւերացուց Օսմանեան Կայսրութեան տիրապետութեան ընթացքին նահատակուած, Սանդ Էֆրեմ եղբայրութեան անդամ` Աստուծոյ Ծառայ Ֆլավիանօ Միքելէ Մելքին եպիսկոպոսը։ Ան ծնած էր Քալլէէթ Մարա (այժմու Թուրքիա) ու սպաննուած վասն հաւատոյ  Ճեզիրէի մէջ, 29 օգոստոս 1915-ին։ Գերապայծառ  Ֆլավիանօ Միքելէ Մելքին կը հանդիսանայ երկրորդ եպիսկոպոսը որ խորաններու պատուոյն կ՛արժանանայ Երանելի Ւնքնատիոս Մալոյանէն ետք։








All the contents on this site are copyrighted ©.