2015-08-09 13:12:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ՝՝Եթէ մեր սիրտը փակ է,ոչ իսկ հրաշքները բաւարար են հաւատալու համար՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորնեու ներկայութեամբ, կիրակի 9 օգոստոսի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը , աւանդութեան համաձայն, իր գրասենեակի պատուհանէն,  կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը արտասանելէ առաջ, պատգամ ուղղեց հաւատացեալներուն, որուն մէջ անդրադարձաւ  Յովհաննէս Աւետարանիչի Սուրբ Գրային օրուայ ընթերցումին , ուր կը խօսուի հացերու բազմացումի հրաշքին մասին։ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յարեց . ՝՝Յիսուս մեկնարկեց  անօթութեան եւ հացի նշանէն՝ Ինզինք յայտնելու  եւ  ամբոխը  Իրեն  հաւատալու հրաւիրելու համար ։

՝՝Ժողովուրդը, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը,  կը փնտռէ եւ մտիկ կ՝ընէ Յիսուսին,  որովհետեւ անոնք խանդավառուած էին  հրաշքի արարքէն, բայց երբ Յիսուս հաստատեց,  թէ Ինքն է Ճշմարիտ Հացը՝ պարգեւուած Աստուծոյ կողմէ, շատերը գայթակղեցան  եւ սկսան մրմնջել  իրենց միջեւ ըսելով  թէ  արդեօք չենք  Ճանչցած անոր հայրն ու մայրը, ինչպէ՞ս կ՝ըսէ Ան, որ  Երկինքէն իջած է։ Յիսուս  պատասխանեց  անոնց ըսելով .՝՝Ոչ ոք կրնայ ինծի գալ, եթէ Հայրը որ զիս ղրկեց, չքաշէ զինք դէպի ինծի , Ճշմարիտ կ՝ըսեմ ձեզի, հաւտացողը կ՝ընդունի յաւիտենական կեանքը»։ (Յովհաննէս 6. 44-47)

 ՝՝Յիսուսի այս խօսքերը, յարեց  Ֆրանչիսկոս Պապը, մեզ կը զարմացնէ եւ մտածել կու տայ։  Յիսուս  մեզ կը ներմուծէ հաւատքի ուժականութեան մէջ, որ է  Յայտնութիւն մը՝ յարաբերութիւն մարդու եւ Յիսուսի անձին միջեւ, ուր՝ Հայրը կարեւոր դեր ունի՝ բնականաբար նաեւ Սուրբ հոգին։ Բաւարար չէ հանդիպիլ Յիսուսին՝ Իրեն  հաւատալու համար, հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը, աւեցնելով, թէ չի բաւեր կարդալ միայն Սուրբ Գիրքը, Աւետարանը, բաւարար չէ  ներկայ գտնուիլ հրաշքի մը արարքին ։ Շատեր մօտիկ գտնուեցան Յիսուսին, բայց չի հաւատացին Անոր,  ընդհակառակը , զինք դատապարտեցին, որովհետեւ անոնց սիրտը փակ էր Սուրբ Հոգիին ներգործութեան դիմաց։ Հաւատքը՝ որ սերմ  մըն է սրտի խորքին մէջ , կը ծաղկի երբ ան՝ թոյլ  կու տայ քաշուելու Հօր կողմէ դէպի Յիսուս՝ բաց հոգիով առանց նախապաշարումներուն, ըսաւ Ֆրաչնիսկոս Պապը,  աւեցնելով. ճանչնանք Յիսուսին դիմագիծին մէջ Աստուծոյ Դիմագիծը, Անոր խօսքերը, որպէս Աստուծոյ խօսքեր,  որովհետեւ Սուրբ Հոգին է որ մեզ կը ներմուծէ Հօր Աստուծոյ եւ Յիսուսի միջեւ գոյացած  սիրոյ եւ կեանքին յարաբերութեան մէջ։

Եզրակացնելով իր խօսքը , Ֆրանչիսկոս Պապը ըսաւ. ՝՝այս հաւատքի կեցուածքով է, որ  կրնանք հասկնալ կեանքի հացի իմաստը զոր Յիսուս պարգեւեց մեզի։  Յիսուսի մէջ,  Անոր մարմնին մէջ այսինքն՝ շօշափելի մարդկայնութեան մէջ  կը գտնուի Աստուծոյ Սէրը,  որ է Սուրբ Հոգին։

Ֆրանչիսկոս Պապը օրինակ տալով Տիրամայրը, որպէս տիպար առաջին անձին, որ ապրեցաւ  Յիսուսի փորձառութիւնը,  մարդկային առաջին  անձը ըլլալով որ հաւատաց Աստուծոյ՝ ընկալելով Յիսուսի մարմինը։ Սորվինք Տիրամայրէն՝ մեր Մօրմէն, ուրախութիւնը եւ երախտապարտութիւնը՝ Հաւատքի պարգեւին  դիմաց։

Ապա Ֆրանչիսկոս Պապը արտասանեց Մարեմաեան աղօթքը, որուն աւարտին անդրադարձաւ 70 տարի առաջ՝ 1945-ին  պատահած հերօշիմային աղէտին, ըսելով .թէ հակառակ որ անցան երկար տարիներ այդ աղէտալի դէպքէն, դեռ մինչեւ այսօր հերօշիմայի մէջ պատահածը ահ ու սարսափ կը պատճառէ։Այդ աղէտը  խորհրդանիշ  դարձաւ  մարդու կործանիչ ուժին, երբ մարդ արարածը չարաչար կը շահագործէ գիտութեան յառաջդիմութիւնը։

Այս տխուր  դէպքի յիշատակը,մեզ կը հրաւիրէ  աղօթելու եւ  յանձնառու գտնուեու խաղաղութեան յառաջընթացքին մէջ, ինչպէս նաեւ աշխարհի մէջ տարածելու եղբայրութեան բարոյականութիւնը եւ ժողովուրդներու միջեւ համակեցութեան ոլորտը։։

Թող  իւրաքանչիւր երկիր,  գոռայ , ո՛չ պատերազմ ո՛չ բռնութիւն այլ երկխօսութիւն եւ խաղաղութիւն ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Ապա   անդրադառնալով  Էլ Սալվատորի  մէջ վերջերս տեղի ունեցած քաղաքական խանգարումներու , Ֆրանչիսկոս Պապը ըսաւ.  ՝՝մտահոգութեամբ կը հետեւիմ հոն պատահած դէպքերուն, ուր ամէն օր կը վատթարանայ ժողովուրդին իրավիճակը՝ տնտեսական տագնապի , ընկերային բախումներու եւ տեղի ունեցած բռնութիւններու պատճառով։   Քաջալերանքի խօսք ուղղելէ ետք Էլ Սալվատորի ժողովուրդին   հայցեց  բոլորէն աղօթել՝ որպէսզի Երանելի Օսքար Ռոմէրոյի երկրին մէջ  վերածաղկի խաղաղութիւնն ու արդարութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.