2015-08-08 12:34:00

Օպամա. «Թուրքիան պէտք է կռուի ՏԱՀԵՇ-ի եւ ոչ թէ ՔԱԿ-ի դէմ»


«Հաֆինկթըն Փոսթ» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Սպիտակ տան մէջ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Թուրքիան նախ եւ առաջ պէտք է կռուի ՏԱՀԵՇ-ի եւ ոչ թէ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) դէմ:

Պատասխանելով լրագրողներու այն հարցումին, թէ ՔԱԿ-ի եւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ Թուրքիոյ գործողութիւնները պիտի յառաջացնե՞ն խնդիրներ, Օպամա ըսած է. «Բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ աշխարհի համար ստեղծուած վտանգի եւ շրջանին մէջ կայունութեան առնչութեամբ: Թուրքիան ունի ՔԱԿ-ի յարձակումներէն պաշտպանուելու իրաւունք: Սակայն այժմ կարեւոր է լուծել ՏԱՀԵՇ-ի հետ կապուած հարցը: Թուրքիոյ կողմէ իրագործուող գործողութիւններուն գլխաւոր նպատակը պէտք է դառնայ ոչ թէ ՔԱԿ-ը, այլ ՏԱՀԵՇ-ը: Բոլոր ջանքերը պէտք է ուղղել ատոր»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թանժու Պիլկիչ անդրադառնալով Օպամայի յայտարարութեան ըսաւ. «Թուրքիա վճռակամօրէն կը պայքարի բոլոր տեսակի ահաբեկչութիւններուն դէմ, պիտի շարունակէ պայքարիլ, եւ այդ մէկը կատարելու համար կարիքը չունի ոեւէ մէկէն արտօնութիւն խնդրելու»:








All the contents on this site are copyrighted ©.