Սուրիոյ ելեկտրականութեան, ջուրի եւ խորհրդարանի հարցերու պետական նախարարները այցելեցին Հալէպ եւ հանդիպումներ ունեցան տեղւոյն պետական մարմիններուն հետ` շտապ եւ երկարաժամկէտ լուծումներ որոնելու Հալէպի ջուրի, ելեկտրականութեան հետ կապուած հարցերուն, ապահովելու համար բնակչութեան կենսական կարիքները: Այս մասին կը յայտնէ «Գանձասար»-ը:
Ելեկտրականութեան նախարարը յայտնեց, թէ տուեալ մարզի ծառայողական պաշտօնէութեան զոհողութեան շնորհիւ Սուրիոյ աշխարհագրական զանազան տարածքներու վրայ ելեկտրականութիւնը տակաւին հասանելի կը մնայ, հակառակ զինեալ խմբաւորումներու խափանարար աշխատանքներուն: «Մինչ օրս տըւեալ մարզի ծառայողներէն նահատակուած են 800 պաշտօնեաներ, հիմնական դժուարութիւնը վառելանիւթի պակասն է, ինչպէս նաեւ կարգ մը ելեկտրակայաններու զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն գերիշխանութեան տակ ըլլալը, որուն պատճառով երբեմն աշխատանքէ կը դադրին ելեկտրակայանները»:
Ինչ կը վերաբերի Հալէպ քաղաքին, խնդիրը զինեալ խմբաւորումներուն կողմէ ելեկտրակայանի ու ելեկտրականութեան հայթայթման Զէրպէյի կայանին գրաւումն է: Հակառակ այս դժուարութիւններուն` նախարարութիւնը այս տարի ելեկտրականութիւն հայթայթող 2 կեդրոն պիտի հաստատէ Հալէպի մէջ, որոնք պիտի արժեն շուրջ 15 միլիառ ս.ո. եւ պիտի բաւարարեն քաղաքի ելեկտրականութեան կարիքը:
Իր կարգին, ջուրի հարցերու նախարարը յայտնեց, որ ներկայ դրութեամբ Հալէպ քաղաքը կարիքը ունի 150 յաւելեալ ջրհորներու. նախարարութիւնը ամսական 20 ջրհոր փորել պիտի տայ, ինչպէս նաեւ նիւթապէս նեցուկ պիտի կանգնի Հալէպին` բաւարարելու բնակչութեան ջուրի պահանջքը: Քուէյք գետին շուրջ պիտի զետեղուին 20 ջրազտման գործիքներ, իսկ օրական դրութեամբ 10 հազար մեթր խորանարդ ջուր պիտի հասցուի ջուրի ընկերութիւն, ջրային ցանցի բանեցման համար:
All the contents on this site are copyrighted ©. |