2015-08-08 12:29:00

Չիլէի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի կոչը վերականգնել Չիլէի ժողովուրդին յոյսը


(Ռատիօ Վատիկան) Նախաձեռնութեամբ Չիլէի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին, Չէլիի մէջ կազմակերպուած է զօրակցութեան ամիս ծրագիր մը, որ սկիզբ առած  1 օգոստոս 2015-ին  եւ վերջ կը գտնէ նոյն ամսուայ վերջաւորութեան։

Ձեռնակին կէտնպատակն է երկրին մէջ վերականգնել ժողովուրդին յոյսը՝ քաղաքացիական , ընկերային եւ եկեղեցական խաւերէն ներս  ։

Չիլէի Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը տեղեկութիւններ տալով ձեռնարկին մասին  յայտնած թէ ասիկա Չիլէի ժողովուրդին համար յատուկ ժամանակաշրջան մըն է, եւ սոյն ձեռնակը կազմակերպած են   ներշնչուելով  Չիլէի  Սուրբ Ալպէրթօ Հուրդատոյէն,  որ Ան՝ բոլոր կեանքին ընթացքին անդադար   պայքար  մղած էր ժողովուրդի ընկերային արդարադատութեան ի խնդիր։

 Չիլէյի ժողովուրդը իր յոյսը կորսնցուցած է    որովհետեւ  մարդ արարածի  հորիզոնէն անհետացած է  հաղորդութիւնը, սէրը,  հասարակաց բարիքն ու կեանքի սրբութեան հանդէպ յարգանքը  ընդգծած է Չիլէի Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը աւեցնելով թէ ներկայիս՝  Չիլէի  մէջ անթիւ  Կաթողիկէ հաւատացեալներ եկեղեցին չեն նկատեր որպէս  ողորմութեան  հաղորդութեան վայր։ Եպիսկոպոսաց դասը կոչ ուղղած է   բոլորին, ունկնդրելու անհամար եղբայրներու եւ քոյրերու աղերսին, որոնք զերծ են մարդկային  արժանապատուութեան յարգանքէն,  եւ ետ դարձ կատարելու  հաւատալով  թէ  արդար ազգի մը կերտումի   երազանքը  կարելի է բոլորին համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.