2015-08-08 09:49:00

Իսկական կրօնային մաքրագործութիւն է Սուրիոյ մէջ պատահածը ըսաւ Ասորիներու Պատրիարքը


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրիոյ մէջ ազգային մարդկային իրաւանց  դիտարանի վկայութեամբ, անցեալ մի քանի օրերուն, Սուրիոյ  Հոմս նահանգի մէջ գտնուող Քարիաթէյն գիղին մէջ, Մահմետական ծայրայեղական խմբաւորումները գերեվարած են աւելի քան 230 քաղաքացիներ որոնցմէ շատերը Քրիստոնեաներ եւ  անմեղ մանուկներ են։

Այս իրաւիճակի մասին, Վատիկանի Ռատիօ կայանը կապ հաստատեց Ասորի Կաթողիկէ Պատրիարք Գերերջանիկ Իգնատիոս Եունան Գ.ի հետ, որուն ընթացքին Ասորիներու Պատրիարքը  յայտնեց, թէ ահաբեկիչները իսկական ցեղային մաքրագործութիւն կը կատարեն,  եւ անոնց նպատակն է   բնաջնջել Քրիստոնէութիւնը Սուրիայէն ինչպէս նաեւ Իրաքէն։

Ապա ՝ ակնարկելով Արեւմտեան երկիրներու պետութիւններու, Միջին արեւելքի քրիստոնեաներուն նկատմամբ որդեգրած քաղաքականութեան,   Իգնատիոս Եունան Գ Պատիարքը  մատնանշեց, թէ  Արեւմտեան երիրներու   հոգը չէ  կրօնային ազատութիւնը այն հասարակութիւններուն, որոնք դարերէ ի վեր միջին արեւելքի մէջ    հաստատուած են եւ  կառչած մնացած  են Աւետարանի եւ իրենց Փրկչին ։ Արեւմտեան երկիրներու միակ մտահոգութիւնն է  շրջանին մէջ տնտեսական շահագործումը։

Կաթողիկէ Ասորիներու Պատիրարքը ապա անդրադարձ կատարեց վերջերս Ֆրանչիսկոս Պապի Յորդանանի մէջ Պատրիարքի փոխանորդին  յղած նամակին, որուն  մէջ Նորին Սրբութիւնը իր  մօտիկութիւնը ցուցաբերած է Յորդանանի մէջ գաղթականներուն նկատմամբ եւ   կոչ ուղղած է միջազգային ընտանիքին լուռ չի մնալու  սոյն անմարդակին իրավիճակին հանդէպ։

Պատրիարք Եունան Ռատիօ Վատիկանին հետ ունեցած զրոյցի աւարտին  գնահատանքի եւ երխտագիտութեան  խօսքը ուղղեց  ֆրանչիսկսոս Պապին   յարելով, թԷ    Ան՝ միշտ կը յիշէ գաղթականները իր աղօթքներուն մէջ եւ երբեք չէ դադրած աշխատելէ՝ գաղթականներուն, փախստականներուն հարցերը լուծելու համար։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.