2015-08-08 07:57:00

Եկեղեցիներու Միջազգային Խորհուրդի աղօթքի օրը Քորէայի միութեան դիտաւորութեան


(Ռատիօ Վատիկան) 2015ի օգոստոս 9ին, Ժընեւի մէջ, Եկեղեցիներու Միջազգային Խորհուրդի նախաձեռնութեամբ պիտի մատուցուի յատուկ աղօթք Քորէայի միութեան դիտաւորութեան։ Քորէայի 70-ամեայ բաժանումը հիւսիսային եւ հարաւային մասերու՝ մեր ժամանակի քաղաքական եւ հոգեւոր մեծագոյն մարտահրաւէրներէն մին է։ Այս աղօթքը կը կատարուի ամէն տարի օգոստոս 15ին նախորդող կիրակին՝ Եկեղեցիներու Միջազգային Խորհուրդի Քորէական բաժանմունքի աջակցութեամբ։ Ձեռնարկին կը մասնակցին քրիստոնեայ հաւատացեալներ սահմանի երկու կողմերէն, ցուցաբերելով զօրակցութեան նշանակալից արարք մը։

Եկեղեցիներու Միջազգային Խորհուրդը կոչ ուղղած է աշխարհի բոլոր Եկեղեցիներուն եւ քրիստոնեայ համայնքներուն՝ միանալու այս աղօթքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.