2015-08-07 10:18:00

Հարաւային Սէուտական Արաբիոյ մէջ անձնասպանական գործողութիւն


Հինգշաբթի, 6 օգոստոսին, Սէուտական Արաբիոյ հարաւը գտնուող Ասիր նահանգի Ապհա քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ անձնասպանական գործողութիւն մը:

Երկրին ներքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ գործողութեան զոհ գացած են ապահովական մարմիններու տասը անդամներ, իսկ ուրիշներ վիրաւորուած են: Նախքան այդ, սէուտական «Իխպարիյա» պատկերասփիւռի կայանը նշած էր, որ զոհերուն թիւը, ըստ նախնական տուեալներու, 17 է:

Պատկերասփիւռի կայանը նշեց, որ յարձակումը գործուած է նամազի ժամուն եւ թիրախ դարձուցած է սէուտական արտակարգ դրութեանց ուժերուն յատկացուած մզկիթ մը:








All the contents on this site are copyrighted ©.