2015-08-07 09:20:00

Եգիպտոսի նախագահը բացումը կատարեց Սուէզի նոր ջրանցքին


Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի երէկ բացումը կատարեց Սուէզի ջրանցքին մէկ ընդլայնուած ճիւղին, որուն վրայ աշխատանքները, նախագահին հրամանով, փոխան նախատեսուած երեք տարուան աւարտեցան մէկ տարիէն:

Բացման արարողութեան ներկայ էին միջազգային անձնաւորութիւններ, որոնց շարքին` Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ եւ Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ: Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարար Մայքըլ Ֆալլըն ծրագիրը գովաբանելով զայն նկատեց «արդի հրաշալիք» մը: Բացման առիթով երկրին մէջ ազգային տօն հռչակուած էր:

72 քիլոմեթր երկարութեամբ եւ 24 մեթր խորութեամբ նոր ջրանցքը զուգահեռ է 193 քիլոմեթր հին ջրանցքին եւ նաւերու միաժամանակ անցքը կ՛արտօնէ:

«Էսոշիէյթըտ Փրես» կը հաղորդէ, որ նոր ջրանցքը նկատուած է «պատմական ձեռքբերում» մը, որուն նպատակը Եգիպտոսի տարիներէ ի վեր դժուար կացութեան մէջ գտնուող տնտեսութիւնը խթանելն է:

8,5 միլիառ տոլար արժած նոր ջրանցքին բացումէն առաջ օրական 50 նաւեր կ՛օգտագործէին Կարմիր եւ Միջերկրական ծովերը իրարու միացնող ջրանցքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.