2015-08-07 09:54:00

54 օր տեւողութեամբ աղօթք ամուսնութեան եւ ընտանիքին համար։


(Ռատիօ Վատիկան) ԱՄՆի մէջ 15 Օգոստոս 2015 թուականէն սկսեալ,  54 օր անընդհատ աղօթքներ կը կատարուին ամուսnութեան ու ընտանիքին համար։ ԱՄՆի Աւետարանութեան ի խնդիր Առաքելութեան Ս. Վարդարանի ընկերակցութիւնը կազմակերպած է 54 օր տեւողութեամբ անընդհատ աղօթք` ամուսնութեան ու ընտանիքի դիտաւորութեամբ, 15 Օգոստոսէն մինչեւ 7 Հոկտեեմբեր` Աստուածածնայ Վերափոխման տօնէն մինչեւ  ս. Վարդարանի տօնին օրը։

ԱՄՆի բոլոր եպիսկոպոսներուն ուղղած պատգամով Գերապայծառ Listecki  կ’ընդգծէ որ հոգեւոր տագնապին ու մշակութային անկումին  ի տես, ամէնքս պէտք ունինք Մարիամի բարեխօսութեան ու միջնորդութեան յատկապէս այս օրերուն երբ կը պատրաստուինք ֆիլատելֆիոյ մէջ տօնախմբելու ընտանիքի համաշխարհային օրը, ու յառաջիկայ 4 - 25 հոկտեմբեր 2015, Ֆրանչիսկոս Պապի գլխաւորութեամբ կատարուելիք ընտանիքի մասին եպիսկոպոսներու ժողովը։

Գերապայծառ Listecki  պատգամին մէջ խնդրած է նաեւ աղօթել աշխարհի խաղաղութեան, մարդկային կեանքի պաշտպանութեան ու կրօնական ազատութեան համար։

Ամերիկացի եպիսկոպոսները, յուսով են որ 54 օրերու տեւողութեամբ աղօթքները լսելի ըլլան ու նպաստեն երկրին հոգեւոր վերանորոգումին՝ Աստուածածնայ բարեխօսութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.