2015-08-06 08:19:00

Երանելի Պօղոս Զ քահանայապետին մահուան 37-րդ ամեակը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 6 օգոստոս 2015-ին կը նշուի Պօղոս Զ երջանկայիշատակ երանելի քահանայապետին մահուան 37-րդ ամեակը։ Այս առթիւ գերապայծառ Մարչելլօ Սեմրարօ Ալպանօ թեմին եպիսկոպոս եւ 9 կարդինալներու խորհուրդին քարտուղար Վատիկանի Հունգարացիներու մատրան մէջ  կը մատուցէ հոգեհանգստեան սուրբ պատարագ ի յիշատակ եւ ի հանգիստ ննջեցեալ երանելի քահանայապետին որ  19 հոկտեմբեր 2014-ին խորաններու պատուոյն արժանացաւ ս.Պետրոս հրապարակի վրայ կայացած հանդիսաւոր արարողութեան մը ընթացքին։
Պօղոս Զ` Ճովաննի Պադդիսդա Մոնթինի , ծնած էր Պրէշա` 26 սեպտեմբեր 1897-ին։ Քահանայապետութեան առաջին գործը եղած է աւարտել Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի գործընթացը։ Ան հանդիսացաւ մեծ բարեկարգիչ ու բարենորոգող եկեղեցական կեանքին ու կառոյցին։ 
Պօղոս Զ-րդ հանդիսացաւ նաեւ առաջին քահանայապետը որ միջազգային ճամբորդութիւններ կատարեց. Անոնցմէ նշենք` Սուրբ Երկիր ճամբորդութիւնը 4 - 6 յունուար 1964 որուն ընթացքին պատմական հանդիպում ունեցաւ Կ. Պոլսոյ տիեզերական Պատրիարք Աթենակորասի եւ Արեւելեան քրիստոնեայ եկեղեցապետերուն հետ։ Այդ ճամբորդութիւնը Եկեղեցւոյ միութենական ուղեւորութեան շատ կարեւոր եւ իւրայատուկ հանգրուան մը հանդիսացաւ։

 Պօղոս Զ երջանկայիշատակ Քահանայապետը իր մահկանացուն կնքեց 6 օգոստոս 1978-ին Քասթելկանտոլֆոյի ամարանոցին մէջ։ Սուրբ Պետրոսի յաջորդ ընտրուած էր 21 յունիս 1963-ին յաջորդելով երջանկայիշատակ սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետին։ Անոր քահանայապետութիւնը տեւած է 15 տարի։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.