2015-08-05 12:53:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Քոլոմպիայի Ասպետական կարգի 133-րդ համագումարի առթիւ


(Ռատիօ Վատիկան) 4-6 օգոստոս 2015-ին , Ֆիլատելֆիայի մէջ կայացած Քոլոմպիայի ասպետական կարգի 133-րդ համագումարին առթիւ, Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փարոլին, յանուն Ֆրանչիսկոս Պապի,  պատգամ  մը ուղղեց համագումարի մասնակիցներուն, որուն մէջ փոխանցեց Նորին Սրբութեան ողջոյններն ու  մօտիկութիւնը։

Կարինալ Փարոլին  պատգամին մէջ ակնարկելով յառաջիկայ հոկտեմբեր ամսոյն. Ֆիլատելֆիոյ մէջ կայանալիք ընտանիքներու  համաշխարհային 8-րդ հանդիպումին մասին,   յայտնեց Ֆրանչիկոս Պապի գնահատանքը  Քոլոմպիայի ասպետական  կարգի  Քրիստոնէական ընտանեկան կեանքէն ներս  տուած հանրային վկայութեան,  ընդգծելով Սուրբ Պսակի խորհուրրդի կարեւորութիւնը՝ որ է  Աստուծոյ ծրագիրը,  բնական հաստատութիւն  մը , ինչպէս նաեւ այր մարդու եւ կնոջ միջեւ  իրենց բոլոր կեանքին ընթացքին՝ սիրոյ եւ հաւատարմութեան  կնքուած համաձայնութիւն մը։

Կարդինալ Փարոլին նշելով ներկայիս ՝ Սուրբ Պսակի խորհուրդի դէմ  սպառնալիքները՝ բացայատուած մշակութային տարբեր ուժեղ հոսանքներու կողմէ,   հրաւէր ուղղեց հաւատացեալներուն վկայելու Սուրբ գիրքի հիմնական ճշմարտութիւնը ։ 

Կարդինալ Փարոլին , յանուն Ֆրանչիսկոս Պապի բարձր գնահատեց Քոլոմպիայի Ասպետական կարգի տածած աշխատանքները՝ ի սպաս աշխարհի մէջ սփռուած փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան ի խնդիր, ինչպէս նաեւ, 

եղբայրասիրկան, դաստիարակչական եւ հոգեւոր ծիրէն ներս Աստպետնեու բերած անգնահատելի նպաստը ։ Ծիրանաւորը պատգամը աւարտեց  փոխանցելով Ֆրանչիսկոս Պապի առաքելական օրհնութիւնը Քոլոմպիայի Ասպետական կարգի անդամներուն  ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.