2015-08-05 09:49:00

Ֆրանչիսկեան Հայրերու կոչը քրիստոնեաներուն չմոռնալու Սուրբ Երկիրը։


(Ռատիօ Վատիկան) Իսրայէլեան կեդրոնական վիճակագրութեան գրասենեակի գնահատումով ուխտաւորներու նահանջը (շուրջ 283.000 այցելու պակաս) Ս. Երկրին մէջ շատ զգալի է բաղդատմամբ 2014 տարւոյն։

Ընդհանուր առումով նահանջը համազօր է 18 առ հարիւրի։ Ամէնէն շատ զգալի է իտալիայէն եկած ուխտաւորներու պակասը` որոնց թիւը շուրջ 46 տոկոսով նուազած է բախդատմամբ 2014 -ին։

Այս ուղղութեամբ ֆրանչիսկեան հայրերը կոչ ուղղած են աշխարհի քրիստոնեաներուն որ չմոռնան Ս. Երկիրը ու քրիստոնեայ փոքր հասարակութիւնը, որ կ՛ապրի շնորհիւ ուխտագնացութիւններուն։ Եւրոպայի ու ամերիկայի ուխտաւորներու թիւին նահանջին դիմաց Չինաստանի այցելուներու եւ ուխտաւորներու թիւը աճում կ՛արձանագրէ, առաւել 31 առ հարիւրով։ Նոյնպէս Հնդկաստանէն, Քենիայէն,  Պիելոռուսիայէն, Վրաստանէն, Յորդանանէն ու մասնաւորապէս Եգիպտոսէն եկած ուխտաւորները թիւը բազմացած է։  Թաուատրոս Պատրիարքի ընտրութենէն ետք բազմաթիւ քրիստոնեայ եգիպտացիներ ուխտագնացութիւն կատարած են Երուսաղէմ` աւելի քան 4500 այցելուներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.