2015-08-05 14:15:00

Հայ Եկեղեցին Եւ Հայ Երիտասարդը Դէմ առ Դէմ


Շատեր այնպէս կը խորհին, թէ երկար ժամեր պէտք է աշխատին յաջողելու համար: Անոնք ընդհանրապէս կ՛արթննան այնպիսի ժամերու, երբ ամէն մարդ քնացած է, իսկ արեւը դեռ չէ՛ սփռած իր ոսկեշողերը: Իսկ գործէն տուն կը դառնան այն ժամերուն, երբ մթնած է երկիրը, ճամբաները խաղաղած իրենց վրայ երթեւեկող անցորդներէն, ու շատեր ալ արդէն գիշերուան երկրորդ երազը տեսնելու ընթացքին մէջ են:

Աւետարանին մէջ, Յիսուսի պատմած առակներէն մէկը կը վերաբերի մշակներու, որոնք տարբեր ժամերու վարձուելով, օրուան վերջաւորութեան նոյն օրականը կը ստանան: Անշուշտ իր վախճանաբանական իմաստը եւ յատուկ մեկնաբանութիւնը ունի այդ հատուածը, սակայն կեանքի այլ երեւոյթի մը մասին ալ յիշեցում կը կատարէ:

Ամբողջ օրուան աշխատանքին ծանրութիւնը կրելով, յոգնած մշակը անշո՛ւշտ պիտի դժգոհի ու բողոքէ, երբ տեսնէ որ օրուան վերջին ժամերուն վարձուած մշակը նոյն օրականը կը ստանայ գործատէրէն: Սակայն աշխատանքը, օրուան ժամերէն կախեալ չէ՛:

Նոյնիսկ  եթէ  աշխատող մշակներէն մէկը իր սիրտը կը դնէ իր աշխատանքին մէջ, իսկ միւսը հազիւ կը շարժէ մանգաղը,  գործատէրը կրնայ երկուքն ալ միեւնոյն վարձքին արժանացնել, սակայն անոնցմէ իւրաքանչիւրին կը մնայ գործին մէջ յաջողած կամ ձախողած ըլլալու գաղտնիքը. որը նաեւ բարոյական մօտեցում մըն է:

Բարոյական մարդուն կեանքը միայն իր նմաններուն հետ փոխյարաբերական կեանք մը չէ՛, այլ՝ նաեւ դէպի ներս, դէպի ներքին մարդը ուղղուած երկխօսութիւն մըն է: Այնպէս, ինչպէս իւրաքանչիւր օրուան աւարտին մշակը ակնկառոյց կը սպասէ, որ գործատէրը վարձատրէ զինք, նոյնպէս ալ ներքին մարդը՝ մեր բուն ինքնութիւնը, իւրաքանչիւր օրուան աւարտին հարցաքննութեան կը կանչէ մեզի: Ինչպէ՞ս աշխատեցար այսօր. ի՞նչ սխալներ գործեցիր, կամ ի՞նչ յաջողութիւններ արձանագրեցիր: Այս երկխօսութիւնը կարելի է համարել կեանքի մէջ ամէնէն անկեղծ երկխօսութիւնը: Որովհետեւ երկխօսութիւնները ինչքան ալ անկեղծ ըլլան, չեն կրնար ներքին մարդուն հետ մեր ունեցած երկխօսութենէն աւելի սրտբաց ըլլալ:

Այսօր, աշխարհի մէջ տարբեր մակարդակներու վրայ երկխօսութիւններ կը կազմակերպուին: Սակայն ամէնէն հարազատ երկխօսութիւնը կը նկատուի մտերիմներու միջեւ տեղի ունեցող երկխօսութիւնը: Օրինակ, ամուսիններու միջեւ, մտերիմ գործընկերներու միջեւ եւ զանազան պատճառներով իրարու շատ առնչուած անձերու միջեւ տեղի ունեցող երկխօսութիւնը:

Զրուցակիցները իրարու դէմքին կը նային խօսած ժամանակ, սակայն կրնան անոնց մտածումները հեռու ըլլալ իրարմէ: Բայց ներքին անձին հետ երկխօսութեան մտնող մարդը չի՛ կրնար անկեղծ չըլլալ, ինչքան ալ փորձէ իր պատճառաբանութիւններով լռեցնել իր խօսակիցը: Մեր ներքին մարդը հեշտ համոզուող զրուցակից մը չէ՛, այլ հեղինակաւոր զրուցակից մըն է, որուն մտածումն ու խօսքը մեծ կշիռ ունին:

Աշխատանք կատարել միայն աշխատանք կատարելու եւ ապրուստ ապահովելու համար, բարոյագիտականօրէն արդարացում չունի: Որովհետեւ որեւէ դրական գործի պարագային հաճոյքը կարեւոր դերակատարութիւն ունի, ամբողջական յաջողութեան հասնելու համար: Ուրախ սիրտով կատարուած գործին եւ «մատի ծայրով» կատարուած աշխատանքին միջեւ շատ մեծ է տարբերութիւնը: Աշխատանքին մէջ սիրտը դնելու հրահանգը, գործ մը յաջողցնելու համար չէ՛ այնքան, ինչքան այդ աշխատանքը կատարող մարդը դաստիարակելու համար: Որովհետեւ կեանքը եթէ դպրոց է, ուրեմն անոր հեղինակաւոր ու արդար ուսուցիչը մեր ներքին մարդն է: Անոր տալիք նիշերն ու գնահատականները անվերատեսելի են ու հաւասարակշռուած: Ան գիտէ ճիշդ ատենին գնահատել աշխատողը, իսկ աշխատանքի ընթացքին ալ գիտէ անփութութիւններն ու թերութիւնները մատնանշել, միանգամընդմիշտ ուղղելու համար զանոնք եւ ճիշդ ճամբու մէջ դնելու աշխատող մարդը:

Յաջողութեան գաղտնիքը գործի ժամանակ ժամացոյցով չհետաքրքրուիլն է: Ճշդապահութեան համա՛ր միայն ժամացոյցը պէտք է գովուի, ո՛չ թէ աշխատանքի ժամերը դասաւորելու: Ժամանակէն վեր ելլելը յաջողութեան գաղտնիքը իր մէջ կը պարունակէ: Այս ալ արդեօք յաւերժութեան հասնելու մարդկային յանդուգն փորձ մը չէ՞… Յաւերժանալու ձգտումը ոչ ոք կրնայ դուրս բերել մարդու անսահման հոգիէն:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.