2015-08-05 10:52:00

Թուրքիոյ տարածքին գտնուող Սուրբ Աստուածածին 300-ամեայ վանքը աւերման եզրին է


Այժմեան Թուրքիոյ տարածքին գտնուող Թոմարզա վարչական շրջանի Սուրբ Աստուածածին 300-ամեայ վանքը աւերման եզրին է:

Երբեմնի կանգուն վանքէն ընդամէնը մնացած է քանի մը քանդուած պատ։ Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, կը հաղորդէ թրքական The Hurriyet Daily News պարբերականը:

Մարիամ Աստուածածնին նուիրուած հայկական վանքը եղած է ուխտագնացութեան կարեւոր վայր: Վանքին կից ժամանակին գործած է Գրիգորեան հայկական հոգեւոր դպրոցը: Այնտեղ հիւրընկալուած է բրիտանացի յայտնի ճանապարհորդ, հնագէտ եւ գրող Կերդրուտ Պէլին:

1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն անիկա թալանուած եւ լքուած է: Խումբ մը հայ վանականներ փորձած են վերականգնել եկեղեցին` չնայած մեծ վնասներուն, սակայն չեն յաջողած:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.