2015-08-03 09:36:00

Սրբուհի Թերեզա Տավիլայի ծննդեան 5-րդ դարադարձին առթիւ պատգամ։


(Ռատիօ Վատիկան) ֆրանչիսկոս Պապի քահանայապետութեան երրորդ տարուան առթիւ Վատիկանի մետաղադրամի վրայ պիտի հրատարակուի սրբուհի Թերեզա Տավիլայի դիմագիծը զոր պիտի  փոխարինէ Քահանայապետինը։ Սոյն որոշում մը առնուած է ֆրանչիսկոս Քահանայապետէն, տօնախմբելու սրբուհիին ծննդեան 5-րդ դարադարձը (1515-1582)։ 

Սրբուհի Թերեզայի դարադարձին առթիւ` Սրբազան Քահանայապետը պատգամ մը յղած է միջ-համալսարանական գիտաժողովի մասնակցողներուն որոնք  1-3 Օգոստոս Սպանիայի Ավիլա քաղաքին մէջ համախմբուած են ''Սրբուհի Թերեզա Տավիլա կեանքի վարդապետ'' նիւթին մասին զրուցելու եւ խորհրդածելու համար։ Այս առթիւ Վատիկանի Պետական Քարտուղարը` կարդինալ Փարոլին յանուն ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Ավիլայի միջ-համալսարանականներու գիտաժողովի մասնակցողներուն գրեց. ''Սրբուհի Թերեզա Տավիլան կրնանք  ճանչնալ  անոր մտածականներու ընդմէջէն։ Ան ճանչցուած է որպէս ''աղօթքի վարդապետը’’։ Աղօթքը հիմն է կեանքի ու աղբիւրը հարազատ արժէքներու ճշմարիտ գիտութեան''։

Գիտաժողովի բացումին Ավիլայի առաջնորդը` գերապայծառ Jesús García Burillo կարդաց Սրբազան Քահանայապետին պատգամը։

Գիտաժողովին մասնակցեցան 26 երկիրներէ եկած 450 անձեր։ Գիտաժողովին նպատակն է  Սրբուհի Թերեզա Տավիլայի ծննդեան 5-րդ դարադարձի ոգեկոչումը։ Նորին Սրբութիւնը մաղթեց որ Սրբուհիին օրինակին հետեւելով, կաթողիկէ համալսարաններուն մէջ կազմուին Աստուծոյ զօրաւոր բարեկամները, այնքան կարեւոր`  դժուար այս պայմաններուն մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.