2015-08-01 09:08:00

Վատիկանի թղթատարութիւնը լոյս պիտի ընծայէ նոր արտակներ։


Յառաջիկայ 2 Սեպտեմբերին, Վատիկանի թղթատարութիւնը լոյս պիտի ընծայէ նոր արտակներ նուիրուած.

- Աուշվիցի ազատագրման 70-րդ տարեդարձին եւ յիշատակի օրուան կարգաւորման 10-րդ տարեդարձին։

- ‘’Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովի փակման 50-րդ տարեդարձին’’

- Եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի հաստատումին 50-րդ տարեդարձին ։

Աուշվիցի ազատագրման 70-րդ տարեդարձին եւ յիշատակի օրուան կարգաւորման 10-րդ տարեդարձին առթիւ հրատարակուած արտակներուն ձախ կողմի վրայ տպագրուած են կոտորածի դաշտին տխուր խորհրդանիշերը որոնց վրայ զետեղուած է վարդ մը զոհերու ի մեծարանք։ Դրոշմաթուղթի արժէքը կը պատկերացնէ վառուած մոմ մը, որպէս զգուշացում ապագայ սերունդներուն ողջ պահելու յիշատակը պատահածին որպէսզի այդ  բնաւ չկրկնուի։

 ‘’Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովի փակման 50-րդ տարեդարձը’’։  Վատիկանեան Բ տիեզերական ժողովը  տեղի ունեցաւ Վատիկան` 1962-1965, Յովհաննէս ԻԳ եւ Պօղոս Զ Քահանայապետերու հովանաւորութեամբ, ունենալով որպէս կէտնպատակ պատշաճ բարենորոգումներ կատարել։ ‘’Հարկաւոր է որ Եկեղեցւոյ ստոյգ եւ անփոփոխ վարդապետութիւնը խորացուի ու բացայայտուի  մեր ժամանակներու պահանջին համաձայն’’ ըսած էր Յովհաննէս ԻԳ քահանայապետը տիեզերական ժողովի բացման օրը` 11 Հոկտեմբեր 1962։ Վատիկանի  թղթատարութիւնը Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովի փակման 50-րդ տարեդարձին առթիւ կը հրապարակէ  չորս բացիկներ, գործ գեղարուեստագէտ` Օրիեթթա Ռոսսիի։ Բացիկները կը պատկերացնեն Ժողովի յանձնախումբէն հրապարակուած չորս սահմանադրութիւններ։

‘’Եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի հաստատումին 50-րդ տարեդարձը’’։ Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովի համահաւաք դասի ոգին ողջ պահելու նպատակով¬, Պօղոս Զ Քահանայապետը 1965-ին  ստեղծեց նոր հաստատութիւն մը` օգնելու համար ընդհանրական Հովիւը իր առաքելութիւնը  լաւագոյնս կատարելու`  գօտեպնդելով իր կապերը Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներուն հետ։ 15 Սեպտեմբեր 1965-ին առաքելական թուղթով մը Մոնթինի Քահանայապետը հիմնեց Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսը։

50 Տարիէ ի վեր գործող այս հաստատութիւնը յառաջիկայ հոկտեմբերին պիտի գումարէ  իր 14-րդ հաւաքը` խորհրդածելու եւ քննարկելու ‘’Ընտանիքը եւ Աւետարանութիւնը’’ նիւթը։ Եկեղեցին որպէս Մայր ու  Դաստիարակ, մարդկութեամբ մասնագէտ եւ հաւատարմաբար կը քարոզէ ‘’Ընտանիքի Աւետարանը’’։








All the contents on this site are copyrighted ©.