2015-08-01 12:12:00

Հայ խաղաղապահներու ծառայութիւնը ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի կազմին մէջ


Յուլիս 27-31 աշխատանքային այցով ԱՄՆ կը գտնուէր ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդած տեղեկութիւններով՝  Դաւիթ Տօնոյեան եւ ՄԱԿ-ի մէջ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ, դեսպան Զոհրապ Մնացականեան Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կեդրոնակայանին մէջ  հանդիպումներ ունեցած են ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի օրէնքի գերակայութեան եւ անվտանգութեան կառոյցներու հարցերով փոխտեղակալ Տմիթրի Դիդովի եւ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի ռազմական գրասենեակի պետ, զօրավար Ահմետ Մհամմետի հետ:

Հանդիպումներու ընթացքին քննարկուած են ՄԱԿ-ի խաղաղապահ առաքելութիւններուն ՀՀ ՊՆ խաղաղապահ ստորաբաժանումներու եւ հայ սպաներու` իբրեւ ռազմական դիտորդ ու սպաներ մասնակցութեան առնչուող հարցեր: ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեան նշած է, որ Հայաստանը պիտի շարունակէ աշխոյժօրէն ներգրաւուած ըլլալ միջազգային անվտանգութեան ապահովման գործողութիւններուն մէջ եւ աւելցնել իր աջակցութիւնը ՄԱԿ-ի խաղաղապահ առաքելութիւններուն:

ՄԱԿ-ի պաշտօնեաները բարձր գնահատած են հայ խաղաղապահներու ծառայութիւնը ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի կազմին մէջ` նշելով, որ Հայաստանի նման գործընկերները անհրաժեշտ են ՄԱԿ-ի խաղաղապահ գործողութիւններուն մէջ:

ՄԱԿ-ի կեդրոնակայանին մէջ կայացած հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած են նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան պատուիրակութիւնը ԱՄՆ աշխատանքային այցի ընթացքին պիտի մասնակցի հայ-ամերիկեան հերթական պաշտպանական խորհրդակցութիւններուն եւ երկկողմ հանդիպումներ պիտի ունենայ ԱՄՆ պաշտպանութեան բաժանմունքի, պետական բաժանմունքի եւ ազգային անվտանգութեան խորհուրդի պաշտօնեաներու հետ:








All the contents on this site are copyrighted ©.