2015-08-01 11:33:00

Կարդինալ Cottier ողորմութեան տարին պիտի լուսաւորէ եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի աշխատանքը։


Կարտինալ Cottier երկար հարցազրոյց մը ունեցած է Չիվիլդա Քաթոլիքա երկշաբաթաթերթի տնօրէն Յիսուսեան հայր Սբատարոյի հետ, որուն ընթացքին  հաստատած է թէ ողորմութիւնը վարդապետութիւն է, քրիստոնէական վարդապետութեան սիրտն է. միմիայն նեղմիտ մտայնութիւն ունեցող մարիկ կարող են    համարել՝  ողորմութիւնը ու վարդապետութիւնը, որպէս իրարմէ տարբեր իրողութիւններ։ Քահանայապետական տան վաստակաւոր կարդինալը յիշեցնելով աստուածային ողորմութեան  Նոր Կիրակիի հաստատումը՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի կողմէ, կ’ընդգծէ  Եկեղեցւոյ ըմբռնումը, թէ ոչ ոք ներկայիս, կարող է միայնակ թողուլ ու իր ճակատագրին։։ Պարտական ենք ընկերանալ բոլոր մարդոց, ըլլան  անոնք արդար ըլլան  մեղաւոր։ Աստուածային ողորմութեան քարոզչութիւնը Եկեղեցւոյ գլխաւորագոյն առաքելութիւններէն մէկն է։ Հարկաւոր է որ այս պատգամը ուղղուի բոլորին։ Եկեղեցւոյ ողորմութիւնը պէտք է ցոլացնէ Հօր Աստուծոյ ողորմութիւնը։ Հուսկ՝ կարդինալ լ Cottier խօսելով Ողորմութեան յոբելենական տարւոյն մասին ըսաւ ՝՝ողորմութեան տարին պիտի լուսաւորէ եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի աշխատանքը՝ ընտանիքին մասին, մաղթելով նոր հովուական խնամակալութիւն մը որ կը համապատասխանէ այսօրուայ ընտանիքի  դիմագրաւած տագնապին ու հարցերուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.