2015-08-01 12:30:00

Գ. Կիրակի Վարդավառի «Հետեւեցէ՛ք ինծի» (Մարկ.1, 17)


Ինքնաճանաչում, համոզում եւ հաւատարմութիւն: Ահա՛ ճոխ բովանդակութեամբ երեք մարդկային արժանիքներ, որոնք կը պայմանաւորեն Քրիստոսի հետեւելու իսկական պահանջքները:

            Քրիստոսի հետեւորդ ըլլալու առաջին հիմնական գրաւականը ինքնաճանաչումն է: Ինքնաճանաչում, որ կը նշանակէ ինքնագիտակցութիւն. ի՛ր անձի, ի՛ր կարողութեան եւ ի՛ր նկարագրի ճանաչումն է: «Ո՛վ մարդ, ինքզինքդ ճանչցիր»: Այս իմաստութիւնը, որ ակներեւ է հեթանոսական հին տաճարի մը որմերուն վրայ, եղաւ փիլիսոփայութեան հօր` Սոկրատին, հիմքը եւ յենակէտը իր բոլոր գաղափարախօսութիւններուն: Մարդ արարած ինքզինք կը ճանչնայ ոչ միայն զգայարանգներով, որոնք յատուկ են նաեւ անասուններուն, այլ իր ճանաչողութիւնը պէտք է կեդրոնանայ  իմացական կարողութիւններու վրայ: Մարդ ինքզինք գիտակցելով իր սահմանափակ կարողութիւններուն, կրնայ միայն ըսել Քրիստոսի. «ՊԻՏԻ ՀԵՏԵՒԻՄ ՔԵԶԻ ՈՒՐ ՈՐ ԵՐԹԱՍ», որովհետեւ այնպիսին արդեն իսկ գիտակից է եւ համոզուած, որ Քրիստոսի հետեւելով` իր կեանքը բոլորովին ուրիշ իմաստ պիտի ունենայ:

            Քրիստոսի հետեւորդ ըլլալու երկրորդ պահանջքը համոզումն է: Համոզում ունենալ կը նշանակէ` հաւատալ իր սահմանափակ կարողութիւններուն, եւ վստահիլ Քրիստոսին, որ մեզ պիտի առաջնորդէ, մեզ պիտի սրբացնէ եւ մեզ պիտի կատարելագործէ: Ս. Պօղոս, որ աստուածային ու մարդկային գիտութիւններուն ընդարձակ տեղեկութիւններ ունէր, կը պարծէր թէ խաչեցեալ Յիսուսէն զատ ուրիշ բան չէր գիտեր:

            Նոյնպէս Սոկրատ, մեծ իմաստասէրը, որ իր իմացականութեամբ կը գերազանցէր իր ապրած դարուն բոլոր իմաստասէրները, հրապարակաւ կը քարոզէր եւ կը խոստովանէր իր սահմանափակ ըլլալուն մասին. «Մէկ ճշմարտութիւն գիտեմ կ'ըսէր ան, թէ ոչինչ գիտեմ:

Ահաւասիկ խոնարհութիւնը, զոր պարտի ունենալ իւրաքանչիւր առաքեալ, Քրիստոսի իւրաքանչիւր հետեւորդ` աշխարհական ըլլայ թէ կղերական: Այս է Քրիստոնէական իմաստութիւնը. խոնարհութեամբ կը սկսի եւ փառքով կը վերջանայ: Ան` մարդը կը խոնարհեցնէ մինչեւ իր ոչնչութիւնը եւ ասով կը տանի զայն ճշմարտութեան եւ սրբութեան:

Համոզում բառը կ'արտայայտէ նաեւ կողմնորոշումի իմաստ. կողմնորոշուիլ կը նշանակէ` գաղափար մը որդեգրել եւ զայն պաշտպանել ամէն գինով, ամէնուրեք եւ ամէնայն ժամ: Այլ խօսքով` ըլլալ կողմնացոյցը (Boussole), որ մէկ ուղղութիւն ցոյց կու տայ ընդմիշտ: Կամ իմ աստուածային կոչումիս համազուած եմ,  եւ կամ ալ ոչ: Հետեւաբար չեմ կրնար նետուիլ այնպիսի կոչումի մը, որուն համոզուած չեմ, ապա թէ ոչ, իմ պատուհասս,  իմ նեխած եւ գանելիք գերեզմանս կը դառնայ ամբողջ կեանքիս ընթաց‎քին, եւ որմէ ձերբազատուիլ անգամ  անկարելի կը դառնայ:

            Չեմ կրնար աշակերտիլ Քրիստոսի եթէ այդ պատրաստակամութիւնը չունիմ իմ սրտիս կապանքները խզելու աշխարհի ժամանակաւոր վայելքներէ եւ սաւառնելու երկրաւոր շահերէ վեր` դէպի յաւիտենականութիւն, ապա թէ ոչ, կը նմանին այդ երիտասարդին, որ ուզելով հանդերձ քրիստոսի հետեւիլ, պատճառաբանութիւն կը փնտռէր իր անպատրաստակամու-թիւնը ծածկելու: Յիսուսի պատասխանը այս ուղղութեամբ շատ յստակ էր. «Թո՛ղ որ մեռելները իրենք զիրենք թաղեն, իսկ դուն գնա՛ Աստուծոյ Արքայութիւնը քարոզելու»:

            Երրորդ եւ վերջին պայմանաւորումը Քրիստոսի աշակերտ ըլլալու, որ համազօր է եւ համարժէք է նախորդ երկու սկսբունքներուն, հաւատարմութիւնն է: Ի՞նչ կը նշանակէ սակայն հաւատարիմ ըլլալ: Քրիստոնէական ըմբռնումով, հաւատարիմ ըլլալ կը նշանակէ ճշմարիտ եւ ստոյգ ըլլալ ամէն բանի մէջ, այլ խօսքով` խոստումի տէր դառնալ:

            Հաւատարիմը այն անձն է, որ իր խօսքին տէր կը դառնայ, չի՛ խափեր եւ չի՛ դաւաճանէր:

            Հաւատարիմը այն անձն է, որ իր եսը կը սպաննէ ուրիշի բարիքին  համար:

            Հաւատարիմը այն անձն է, որ իր բարի տրամադրութիւնները կը դնէ Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ,  չի՛ սայթաքիր իւ ոչ ալ կը յուսահատի:

            Հաւատարիմը այն անձն է, որ իր ձեռքը մաճին դնելով, անվախ եւ անտարակոյս կ'ընթանայ` ապաքայի տեսլականով, առանց իսկ ակնարկ մը նետելու անցեալի ձախողութիւններուն եւ կորուստներուն վրայ:

            Ի վերջոյ հաւատարիմը այն անձն է, որ իր խաչը ուսամբարձ` քայլ առ քայլ կը յառաջանայ Քրիստոսին հետ եւ Քրիստոսին համար, կրելով` ամէն տեսակ նախատինք եւ անարգանք, եւ սակայն գիտէ ինչպէս յաղթական ելլել, որովհետեւ կը հաւատայ որ խաչելութենէն ետք  Յարութիւն կայ:

            Անգամ մը եւս սիրելիներ, Քրիստոս, Ս. Ղուկասի միջոցաւ ինքնաճանաչման հրաւէր կը կարդայ մեզմէ իւրաքանչիւրին, տեսնելու թէ ո՞րքան հաւատարիմ ենք իր աստուածային կոչման, եւ թէ ո՞րքան համոզումով կ’աշխատինք զայն կատարելագործելու:








All the contents on this site are copyrighted ©.