2015-07-30 09:19:00

Չինաստանի պետութիւնը կը ճանչնայ կաթողիկէ դպրեվանքերու աւարտական վկայագրերը։


(Ռատիօ Վատիկան) Փեքինի իշխանութենէն ճանչցուած Չինաստանի վեց աւագ դպրեվանքերու 79 ուսանողներուն շնորհած են ուսումնական աւարտական վկայագրեր։ Այս առաջին տարին է որ Չինական իշխանութիւնը կը ճանչնայ վաւերագրերու քաղաքացիական վաւերութիւնը։

''Վաւերագրերու յանձնումի արարողութենէն անմիջապէս ետք 79 ուսանողները զանազան ժողովրդապետութիւններ ուղարկուեցան համագործակցելու հովուական խնամակալութեան գործունէութեան'' տեղեկագրեց անցեալ 23 Յուլիս 2015-ին` ''ֆիտես'' գործակալութիւնը։ Վաւերագրերու ճանաչումով կաթողիկէ ուսանողները կարելիութիւնը կ՛ունենան պետական համալսարանը արձանագրուելու եւ դիւրութիւն ունենալ ընկերութեան մէջ տեղ մը ունենալու, քանի անոնք տէր են ուսումնական աւարտական վկայագիրի։








All the contents on this site are copyrighted ©.