2015-07-29 12:21:00

''ՏԱՀԵՇ-ը ՝ հզօր պետութիւններու ձեռքերուն մէջ կը գտնուի'' ըսաւ գերապայծառ Խազէն


(Ռատիօ Վատիկան) ''Իսլամական ծայրայեղական ահաբեկչական խումբերը,  որպէս գործիք մըն են հզօր պետութիւններու ձեռքերուն մէջ,  անոնք՝ փոխանակ   պայքար մղելու  ահաբեկիչներուն դէմ,  անոնցմէ  ուժանիւթ կը գնեն ՝   տակառ մը քարիւղի գինը՝  10 ամերիկեան տոլար վաճառելով'',  այսպէս արտայայտուեցաւ Հալէպի Լատին եկեղեցւոյ երբեմնի առաջնորդ՝ Գերապայծառ  Խազէն, երկուշաբթի, 27 յուլիսին, TV 2000 Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւք դասի հեռատեսլիս կայանի հետ ունեցած զրոյցի մը  ընթացքին։

Գերապայծառ Խազէն խօսելով Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ սահմանին մօտ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի  կողմէ գրաւուած տարածքներուն մասին յայտնեց թէ  ''շատ լաւ գիտենք թէ որոնք են քարիւղ   գնողները.  ՏԱՀԵՇ-ի անդամները իրենց տիրապետութեան տակ առած են ուժանիւթ պարունակող տարածքներ, եւ վստահ եմ որ քարիւղ գնողները Սոմալացիները լամ  Մաուրիցիան կղզիէն մարդիկ չեն։

Տարակարծութիւն յայտնելով  Թուրքիոյ՝ Տահեշի դէմ  կատարած զինուորական գործողութիւններու նկատմամբ, Լատինաց եկեղեցւոյ պատասխանատուն յայտնեց, թէ  

ժողովուրդը  մտահոգ է այս առընչութեամբ, որովհետեւ անոնց ակնյայտ մտավախութիւնն այն է   թէ Թուրքերը` Տահեշին պատճառաբանութեամբ պայքարին   Քիւրտերու դէմ ։ Եթէ ճշմարտութիւնը  Տահեշ-ի դէմ պատերազմ մըն է, համաձայն ենք հաստատեց Գերապայծառ Խազէն ,  իսկ՝  հակառակ պարագային,  եթէ ՝Թուրրքիոյ կողմէ պատրուակ մըն է  շրջանին մէջ ազատ գօտի ստեղծելու համար  ուրեմն՝  կացութիւնը շատ մտահոգիչ է ։

Զրոյցի աւարտին Գերապայծառ Խազէն ընդգծեց այն իրողութիւնը ,  թէ Թուրքիոյ կառավարութիւնն է  Տահեշին արտօնողը տարածաշրջան  մտնել   եւ հոն՝ զինուորական վայրեր ստեղծել։








All the contents on this site are copyrighted ©.