2015-07-28 10:16:00

Կարդինալ Ռիլքոյի պատգամը երիտասարդներու համաշխարհային հաւաքէն ճիշտ մէկ տարի առաջ


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 2016-ի` 21- 26 յուլիսին, Քրաքովիայի մէջ տեղի ունենալիք երիտասարդներու համաշխարհային  հաւաքին առթիւ , Քահանայապետական աշխարհականներու խորհուրդի նախագահ` Կարդինալ Ռիլքօ պատգամ մը յղեց որուն մէջ անդրադատձաւ Ֆրանչիսկոս Պապէն ընտրուած երիտասարդներու հաւաքին կեդրոնական նիւթին, քաղուած՝ Մատթէոսի Աւետարանէն (5,7 ) ''Երանի ողորմածներուն որովհետեւ ողորմութիւն պիտի գտնեն'', ապա ընդհանուր ակնարկ կատարեց հաւաքի յայտագիրի մասին։

Ֆրանչիսկոս Պապի համար Աւետարանի երանելիութիւնները, սրտի խօսող կարեւորագոյն նիւթերէն մին է  ըսաւ  Կարդինալ Ռիլքօ մէջբերելով  Պրազիլի մէջ , Ֆրանչիսկոս Պապի  Երիտասարդներու ուղղած պատգամը ''կարդացէք աւետարանի երանելիութիւնները  եւ   հանգստութիւն պիտի գտնէք''։   

Կարդինալ Ռիլքօ  խօսելով երիտասարդներու հաւաքի կէտնպատակներու մասին յարեց թէ  Քրաքովիայի մէջ երիտասարդները հրաւիրուած են խոկալու Ողորմութեան մասին՝ որպէս կեանքի Իտէալ եւ անոնք կանչուած են վերագտնելու Աստուծոյ՝ Յիսուսի Քրիստոսի մէջ յայտնաբերուած  ողորմածութեան դիմագիծը ։

Քրաքովիայէն պիտի սփռուի համայն աշխարհի իւրաքանչիւր մարդու՝  յոյսով եւ գորովով լի  Աստուծոյ ողորմութեան պատգամը։

Կարդինալ Ռիլքօ ապա մատնանշեց Երիտասարդներու համաշխարհային հաւաքին հոգեւոր կեդրոններուն,  որոնց շարքին Քրաքովիայի մէջ գտնուող Աստուծոյ ողորմութեան սրբավայրը եւ Քովալսքա քաղաքին  Սրբուհի Ֆաուստթինա սրբավայրը որուն բացումը կատարած է 2003-ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Քահանայապետը։

Ապա խօսելով երիտասարդներու համաշխարհային հաւաքի եզրափակիչ օրուայ մասին ,  որ պիտի կատարուի ՝՝ողորմութեան անուան  մարզադաշտին մէջ, կարդինալ Ռիլքօ ըսաւ թէ մարզադաշտի տարածքի վրայ  պիտի զետեղուի Սուրբ Ողորմութեան Տարին խորհրդանշող Սուրբ Դուռ մը  որուն տակէն անցք պիտի կատարէ  Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը՝ մի քանի երիտասարդներուն ընկերակցութեամբ, շաբաթ 30 յուլիս 2016-ին երեկոյեան՝ Աղօթքի հսկումի արարողութեան ընթացքին։

Իսկ՝ Կիրակի 31 յուլիսին, Երիտասարդներու հաւաքի վերջին օրը , յաւարտ Սուրբ Պատարագի արարողութեան, աշխարհի 5 ցամաքամասերէ  ժամանող  երիտասարդ 5 զոյգերուն  Ֆրանչիսկոս Պապ  պիտի յանձնէ  Քրիստոսի  ողորմութիւնը խորհրդանշող վառուած ջահեր, զանոնք առաքելով  համայն աշխարհ` որպէս վկաներ եւ առաքեալներ Աստուծոյ ողորմածութեան։ 

Կարդինալ Ռիլքօ պատգամի աւարտին, Տիրոջ հովանիին յանձնեց  աշխարհի երիտասարդներու հոգեւոր ուղեւորութեան ծրագիրը, որպէսզի անոնք կարողանան դպչիլ Տիրոջ ու փորձարկել անոր ողորմութիւն ապա  իրենց կարգին դառնան ժամանակակից աշխարհին համար ողորմութեան վկաներ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.