2015-07-28 08:49:00

«Միջեկեղեցական շարժումը հիմնական անհրաժեշտութիւն է» կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս


Շաբաթ, 25 յուլիս 2015-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեցին միջեկեղեցական ու աստուածաբանական կազմաւորման մասնակցող աւելի քան 50 համալսարանականներ: Խումբին մաս կը կազմէին Լիբանանի, Եգիպտոսի, Սուտանի, Մարոքի եւ եւրոպական երկիրներու համալսարաններուն մէջ աստուածաբանական դասընթացքներու հետեւող ուսանողներ, որոնք եկած էին Լիբանան միջեկեղեցական շարժումի պատմութեան ու անոր առնչուած ծրագիրներուն եւ առաջնահերթութիւններուն աւելի մօտէն ծանօթանալու:

Ողջունելով ուսանողներու ներկայութիւնը` վեհափառ հայրապետը նախ գնահատեց այս նախաձեռնութիւնը, շեշտելով միջեկեղեցական շարժումին կարեւորութիւնը: Վեհափառ հայրապետը շուրջ ժամ մը տեւած իր դասախօսութեան ընթացքին լայնօրէն անդրադարձաւ հետեւեալ կէտերուն.

ա) Միջեկեղեցական շարժումը ներկայ աշխարհին քրիստոնէական կեանքին մէջ հրամայական անհրաժեշտութիւն է: Համաշխարհայնացումը ոչ միայն կը մղէ եկեղեցիները իրարու հետ ըլլալու, միասին աղօթելու եւ միասին գործելու, այլ նաեւ ու մանաւանդ Քրիստոսի յաւիտենական պատգամին համաձայն, որ այնքան յստակօրէն արձանագրուած է Աւետարանին էջերուն վրայ, եկեղեցիներ կոչուած են բարձրագոյն աստիճանի նախանձախնդրութեամբ եւ յանձնառութեամբ մասնակից դառնալու միջեկեղեցական շարժումին:

բ) Ինչպէս եկեղեցին իր էութեամբ տեղական իրականութիւն մըն է, Քրիստոս ըսաւ, թէ ուր որ քանի մը հոգիներ հաւաքուած են իմ անունովս, ես հոն եմ, այնպէս ալ միջեկեղեցական շարժումը: Բնականաբար միջեկեղեցական շարժումը իր համաշխարհային ու շրջանային կառոյցները ունի, սակայն միջեկեղեցական շարժումը իր էութեամբ ու պատգամով պէտք է արտայայտուի տեղական-ծխային մակարդակի վրայ: Անհրաժեշտ է սերտ առնչութիւն ու ներդաշնակութիւն յառաջացնել համաշխարհային ու շրջանային տեղական մակարդակներու միջեւ` շեշտը դնելով տեղականին վրայ:

գ) Միջեկեղեցական շարժումը ինքզինք կ’արտայայտէ զանազան կառոյցներու ու ծրագիրներու ճամբով, սակայն, միջեկեղեցական շարժումին նպատակը վեր է կառոյցներէ ու ծրագիրներէ: Անոնք փոփոխական են ու ժամանակաւոր. մնայունը միջեկեղեցական շարժումին նպատակն է, որ եկեղեցւոյ միութիւնն ու եկեղեցւոյ առաքելութեան կենսաւորումն է:

դ) Միջեկեղեցական շարժումին առաջնահերթութիւնները պէտք է համապատասխանեն յարափոփոխ ժամանակներուն եւ պայմաններուն: Եկեղեցւոյ միութիւնն ու աւետարանչութիւնը ըլլալով մնայուն առաջնահերթութիւն` միջեկեղեցական շարժումը պէտք է այնպէս գործէ, որ իր ծրագիրները ըլլան համահունչ` եկեղեցիները եւ ընդհանրապէս ընկերութիւնը յուզող հարցերուն ու մարտահրաւէրներուն հետ:

ե) Ներկայ աշխարհի հրատապ հարցերու կողքին, միջեկեղեցական շարժումը պէտք է առաջնահերթ կարեւորութիւն ընծայէ միջկրօնական երկխօսութեան ու գործակցութեան: Ընկերութեան կեանքին մէջ զանազան ձեւերով արտայայտուող բռնութեան, անհանդուրժողութեան, կրօնական ծայրայեղութեան, ինչպէս նաեւ կենսոլորտային եւ ընկերային-բարոյական բազմաթիւ հարցերը մաս կը կազմեն միջեկեղեցական ու միջկրօնական օրակարգերուն: Բնականաբար յիշեալ հարցերը պէտք է դիտուին աստուածաբանական ու բարոյագիտական հայեցակէտով:

զ) Միջեկեղեցական շարժումը յառաջացաւ Սուրբ Հոգւոյ զօրութեամբ օժտուած եւ տեսիլք ունեցող մարդոց կողմէ: Այսօր, միջեկեղեցական շարժումը կարիքը ունի տեսիլք ու հաւատք ունեցող նոր անձերու: Անոնք են, որ ծրագիրը կեանքի եւ հաւատքը առաքելութեան պիտի վերածեն. եթէ նայիք միջեկեղեցական շարժումի պատմութեան, պիտի տեսնէք, որ այս շարժումին ռահվիրաները երիտասարդներ են: Մեր սպասումն է, որ մեր երիտասարդները բոլոր եկեղեցիներուն մէջ այս խոր գիտակցութեամբ մասնակից դառնան միջեկեղեցական շարժումին:

Դասախօսութեան աւարտին վեհափառ հայրապետը պատասխանեց միջեկեղեցական շարժումին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ու հայ եկեղեցւոյ մասին ուղղուած հարցումներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.