2015-07-26 17:54:00

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը ազատագրելու Սուրիոյ մէջ առեւանգուած կղերականները։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի  26 յուլիս 2015-ի կէսօրին,  իր գրասենեակի պատուհանէն  արտասանած Մարեմեան Աղօթքի ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Պապ` մտաբերելով Սուրիացի ժողովուրդին տառապանքները, կոչ  ուղղեց  ազատագրելու երկու տարիէ ի վեր Սուրիոյ մէջ առեւանգուած Յիսուսեան Միաբանութեան անդամ` Հայր Փաոլօ Տալլոլիոն ու միւս կղերականները։ Սրբազան Պապը ապա սրտաբուխ  կոչ  ուղղեց  Միջին Արեւելեան մարտիրոս  երկիրին մէջ` հաշտութեան հաստատումին ի խնդիր։

''Սրտաբուխ կոչ կ՛ուղղեմ այս յարգուած կղերականին ազատագրումին ի սպաս։ Առանց մոռնալու նաեւ օրթոտոքս եպիսկոպոսները ու բոլոր այն անձերը որոնք առեւանգուեցան Սուրիոյ մէջ,  հակամարտութիւններու ընթացքին'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը  յոյս յայտնելով Սուրիական ու միջազգային իշխանութիւններու յանձնառումին վրայ`  ''որպէսզի մեր այս եղբայրներուն շուտով վերադարձուի  ազատութիւնը''։

Սուրիոյ մասին արտասանած խօսքերէն առաջ Ֆրանչիսկոս Պապ խորհրդանշանական ժեսթով բացումը կատարեց Քրաքովիայի երիտասարդութեան համաշխարհային հաւաքին մասնակցութեան արձանագրութիւններուն, “Թապլեթի” մը միջոցաւ հանդիսանալով հաիաքին առաջին արձանագրուողը,  երիտասարդութեան յառաջիկայ  միջազգային հաւաքէն ճիշտ մէկ տարի առաջ։

Ողորմութեան տարուայ  ընթացքին  տօնախմբուելիք այս երիտասարդութեան  հաւաքը պիտի հանդիսանայ Յոբելեան մը երիտասարդութեան, որ կանչուած է խորհրդածելու ''Երանի ողորմածներուն, որովհետեւ անոնք ողորմութիւն պիտի գտնեն (Մատթ 5,7)''  նիւթին մասին։

Կը հրաւիրեմ համայն աշխարհի երիտասարդները ապրելու այս ուխտագնացութիւնը, ըլլայ Քրաքովեա ժամանելով, ըլլայ  իրենց հասարակութիւններուն  ներքոյ” ըսաւ Նորին Սրբութիւնը մինչ օրուան Աւետարանը  մեկնաբանելով, որ կը խօսէր հացի եւ ձուկերու բազմացումի մասին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց թէ ՙայս հրաշքը կը կատարուի շնորհիւ Աստուծոյ ողորմութեան  զօրութեան, որ կարող է բուժել մարմնային ու հոգեկան որեւէ ցաւ՚։

Քահանայապետը ապա մատնանշեց թէ աշակերտներու մտածելակերպը ''շուկայական'' է, մինչ Յիսուսին տրամաբանութիւնը կը փոխարինէ վաճառելը` նուիրելով։

''Աստուծոյ հացը նոյնինքն Յիսուսն է'' ըսաւ Քահանայապետը, ''Սուրբ Հաղորդութիւնը ընդունելով մասնակից կը դառնանք Յիսուսի տրամաբանութեան` ձրիութեան տրամաբանութիւնը։ Եւ որքան ալ որ աղքատ ըլլանք, ամէնքս կարող ենք բան մը նուիրել։ Յիսուսը հաղորդուիլը կը նշանակէ դիմել Անոր շնորհքին որ մեզ կարող կը դարձնէ ուրիշներուն հետ բաժնեկցելու այն ինչ որ ենք եւ ինչ որ ունինք՚։

''Ո՞վ է մեզմէ այն անձը որ հինգ հաց եւ երկու ձուկ չունի'' հարց տուաւ ապա Քահանայապետը ու յորդորեց զանոնք դնել  Տիրոջ ձեռքերուն մէջ, որպէսզի աշխարհին մէջ տիրէ` սէր, արդարութիւն ու յատկապէս երջանկութիւն։ ''Աստուած կարող է մեր զօրակցութեան  փոքրիկ գործերը բազմապատկել ու մեզ բաժնեկից դարձնել իր պարգեւին''  յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը։

Ի վերջոյ  վերյիշելով Սուրբ Յովակիմի  եւ Սրբուհի Աննայի ծիսական տօնը Քահանայապետը յատուկ ողջոյն մը ուղղեց  Մեծ մամիկներուն եւ մեծ տատիկներուն, շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց  թանկարժէք  ներկայութեան` ''ընտանիքներուն մէջ  ու նոր սերունդներուն համար։''








All the contents on this site are copyrighted ©.