2015-07-25 07:48:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ''Սիտայի'' հիւանդութիւնը կը յաղթահարուի եթէ միացած ըլլանք։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Սիտայի ախտին դէմ պայքարի մէջ միացած ըլլալու ենք որպէսզի զայն յաղթահարենք'' այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին` Յուլիս 19-22 Քանատայի Վանքուվերի մէջ կայացած, International AIDS Society –ի կողմէ կազմակերպուած ութերորդ գիտաժողովի մասնակիցներուն ուղղած պատգամին եզրակացութիւնը։

Պատգամը կը կրէր Սուրբ Աթոռի Պետքարտուղարի ստորագրութիւնը որուն մէջ  Սրբազան Հայրը կը քաջալերէ եւ իր գնահատանքը կը յայտնէ բոլոր անոնց որոնք յանձնառու են ի սպաս մարդկային կեանքի փրկութեան։

Ան ապա կ՛ընդգծէ թէ նուաճումները կարելի են երբ ընկերութեան զանազան խաւերը կը միանան մէկ կէտնպատակի համար ու ապա իր աղօթքները կ՛ապահովեցնէ որպէսզի ''դեղագիտութեան բոլոր զարգացումները ու յառաջադիմութիւնը միշտ առընչուած ըլլան իւրաքանչիւրի բաղկացուցիչ զարգացումին'' վերյիշելով թէ ''ամէն անհատ Աստուծմէ սիրուած զաւակ մըն է''։

Գիտաժողովին գլխաւոր նիւթն է ''դարմանումը որպէս կանխարգելում'' որուն կը մասնակիցն միջազգային մասնագէտներ որոնք հաստատած են թէ այսօր կան գիտական անվիճելի ապացոյցներ որոնք կը հաստատեն թէ 2030-ին ''Սիտայի'' հիւանդութիւնը կրնայ այլեւս առողջապահական արտակարգ իրավիճակ չհամարուիլ։








All the contents on this site are copyrighted ©.