2015-07-25 08:14:00

Քոլոմպիայի կրօնապետերը կառավարութենէն կը խնդրեն մնայուն խաղաղութիւն։


(Ռատիօ Վատիկան) Քոլոմպիայի հանրապետութեան նախագահը` Խուան Մանուէլ Սանթոս,  անցեալ չորեքշաբթի 22 յուլիսին, նախագահական պալատին մէջ ընդունեց շուրջ 15 կրօնապետեր, որոնք խնդրանք ներկայացուցին կառավարութեան յարատեւելու բանակցութիւններու ընթացքին մէջ մինչեւ խաղաղութեան իրականացումն ու հաստատումը։

Հանդիպումին ընթացքին կրօնապետերը քաջալերեցին նախագահը, որ յառաջ տանի երկխօսութիւնը կառավարութեան եւ ընդդիմադիր խմբաւորումի միջեւ, հասնելու համար տոկուն համաձայնութեան մը։

Կրօնապետերը ընդգծեցին  ներումի մշակոյթի անհրաժեշտութիւնը որպէս այլընտրանք վրէժխնդրութեան ու ատելութեան մշակողթին։

Հանդիպումին աւարտին կրօնապետերը միացեալ աղօթք մը կատարեցին  երկրի խաղաղութեան համար։ 

Նշենք որ Քոլոմպիայի մէջ կայ 26 կրօնական հասարակութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.