2015-07-25 08:42:00

Քահանայապետական նշանակումներ։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 25 յուլիսին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը` Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղարը, նշանակեց որպէս Քահանայապետական Պատուիրակ, Արեւելեան Թիմոր Էսթի ժողովրդավարական հանրապետութեան աւետարանութեան 500րդ յոբելեանի արարողութիւնները գլխաւորելու համար, որոնք տեղի պիտի ունենան ՏԻԼԻ-ի մէջ 15 օգոստոս 2015-ին։

Նոյն օրը Սրբազան Հայրը կարդինալ Քիւրդ Քոխ` Քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահը անուանեց որպէս իր յատուկ նուիրակը, գլխաւորելու համար Զուիցերիոյ Սէն Մորիս Աբբայարանի հիմնարկութեան 1500 ամեակի եզրափակիչ արարողութիւնը որ տեղի պիտի ունենայ 22 սեպտեմբեր 2015-ին։

Հուսկ` կարդինալ Անճելօ Սքոլան` Միլանօ թեմին արքեպիսկոպոսը անուանած է յատուկ նուիրակ, գլխաւորելու Իտալիոյ Պոպպիոյի քաղաքին մէջ, 30 օգոստոս 2015-ին տեղի ունեցող, սուրբ պատարագը, Քոլոմպանեան հասարակութեան միջազգային 18-րդ հաւաքին առթիւ, Սուրբ Քոլոմպանոյի մահուան 1400-րդ տարեդարձին տօնակատարութիւններու շրջագիծէն ներս։








All the contents on this site are copyrighted ©.