2015-07-24 09:29:00

''Երկարող ձեռք'' բարեսիրական մարմինի գործունէութեան 50-րդ ամեակը։


(Ռատիօ Վատիկան) ‘’Երկարող ձեռք’’ բարեսիրական մարմինը ծնունդ առած է 1964-ին ու մէկ տարի ետք անոր մարդասիրական օգնութիւնները սկսած են պտուղ տալ` Պանկալտէշի մէջ դպրոցի մը կառուցումով։ Այդ թուականէն սկսեալ այս բարեսիրական մարմինը  պայքար կը տանի սովի դէմ ու հիւսիս-հարաւ անհաւասարութեան անհետացումին ի նպաստ, աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ իրագործելով աւելի քան 2300 ծրագիրներ, յատկապէս Ափրիկէ, Լատինամերիկա եւ Ասիա։

Մարմինը ծնունդ առաւ որպէս շարժում մը որուն նպատակն է  արթնցնել ամէն անհատին մէջ իր նմանները յարգելու գիտակցութիւնը, ուստի դատապարտել անարդարութիւնը, ապա տեղեկացնել ու  զգայուն դարձնել հանրային կարծիքը` ձեռք երկարելու համար կարիքաւորներուն։

Նշենք որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ‘’Երկարած ձեռք’’ բարեսիրական մարմինը օգնութեան հասած է Լիբանանի հայ համայնքին, շնորհիւ կարգ մը հայ եկեղեցականներուն հետ հաստատած շփումներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.