2015-07-23 09:55:00

Պրազիլի Ընկերային Հաղորդամիջոցներու հովուական խնամակալութեան 4-րդ ազգային հաւաքը։


(Ռատիօ Վատիկան) 2015-ի` 24 -27 Յուլիս, Պրազիլի Ափարեսիտա Սրբավայրին մօտ տեղի կ՛ունենայ Ընկերային Հաղորդամիջոցներու հովուական խնամակալութեան 4-րդ ազգային հաւաքը որուն բնաբանն է ''Հաղորդում, թուային աշխարհի մշակոյթի դարաշրջանին մէջ աւետարանելու կարելիութիւն ու մարտահրաւէրներ''։ Հաւաքին ընթացքին ելոյթ կ՛ունենայ նաեւ Սուրբ Աթոռի ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու խորհուրդի նախագահ գերապայծառ Քլաուտիօ Մարիա Չելլի։








All the contents on this site are copyrighted ©.