2015-07-23 09:26:00

Հասաքէյի Ասորի եպիսկոպոսը ստանձնած է քաղաքապետի պաշտօնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հիւսիսային Սուրիոյ Հասաքէ թեմին առաջնորդը նկատի առնելով քաղաքին առողջապահական ու սննդական նահանջն ու պահանջքը, կերպով մը դարձած է քաղաքապետ։ Գերապայծառ Հինտօ, առաջնորդը կաթողիկէ ասորի համայնքին,  մամուլին հետ ունեցած ելոյթով ըսած է. ''քանի պատասխանատու դարձած եմ քաղաքի մաքրութեան ու այն սպասարկութիւններու որ անմիջական առնչութիւն ունին հանրային առողջութեան հետ։ Տեսնելով որ ոչ ոք կը զբաղի հանրային հարցերով, պարտաւորուեցայ  քաղաքին պատասխանատուութիւնը ստանձնել, ներկայիս ձեռքիս տակ ունիմ 130 բանուորներ, որոնց 100ը մահմետական են։ Անոնք  կ՛աշխատին քաղաքի զանազան թաղամասերու մէջ։ Քաղաքացիները կ’ըսեն որ եպիսկոպոսը  կերպով մը դարձած է մեր քաղաքապետը։ Նշենք որ Հասաքէ քաղաքը որուն բնակչութիւնը կը հաշուէ 400.000, ռազմավարական դիրք մը ունի։ Անիկա սահմանակից է Թուրքիոյ եւ Իրաքի։ Մինչեւ Յունիսի վերջը զանազան խումբերու պատկան ահաբեկիչները  զինեալ  ընդհարումի մէջ էին քանի այս քաղաքին  տիրապետումը էական է։








All the contents on this site are copyrighted ©.