2015-07-23 10:21:00

Թուրքիոյ մէջ «Twitter»-ը ժամանակաւորապէս արգելափակուած է


Թուրքիոյ Ուրֆա նահանգի Սուրուճ գաւառին մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութենէն ետք Սուրուճի դատախազութեան որոշմամբ երկրին մէջ արգելափակուած է «Twitter» ընկերային կայքը:
Կայքը արգելափակելու պատճառը ցանցին վրայ օգտատէրերու կողմէ ահաբեկչութեան տեսանիւթերու տարածումն ու զանգուածային բողոքի արշաւ կազմակերպելու կոչերն են :

Դատարանի որոշմամբ , «Twitter»-ի  պատասխանատուները պէտք է կայքէն հեռացնեն վերոնշեալ բովանդակութեամբ գրառումները, որմէ ետք միայն կայքի արգելափակումը կը դադրեցուի: Ermenihaber.am-ի փոխանցմամբ` կը յայտնէ թրքական «Սոնտաքիքա» լրատուական կայքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.